image
Հրատապ լուրեր:

ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարները հոկտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան

ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարները հոկտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան

Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) պետութիւններու ղեկավարները 14 հոկտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան Աստանայի մէջ։

Այս տեղեկութիւնը հրապարակած է Ղազախստանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը՝ նշելով, որ կը սպասուի ԱՊՀ խորհուրդի նիստը, իսկ մինչ գագաթնաժողովը հնարաւոր է տեղի ունենան ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումներ։

Յիշեցնենք՝ 2022 թուականին ԱՊՀ-ի նախագահութիւնը ստանձնած է Ղազախստանը։