Պէյրութէն ուրախալի լուր ստացանք։
Լիբանանահայ կրթական մշակ, երկար տարիներու «Ազգային Ռուբինեան» վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան ենթարկուած է սրտի բաց գործողութեան եւ ներկայիս ալ կը բոլորէ ապաքինման փուլ մը։
Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ մեր հայրենակիցը ունեցած է սրտանօդային բարդ խնդիրներ, որուն հետեւանքով ալ անցուցած է բաւականին ծանր վիրաբուժական գործողութիւն ու համարեայ փրկուած։
Կը նշուի նաեւ, որ Կէրկէրեանի բուժման ամբողջական ծախսերը հոգացած է վերջինիս ազգականներէն՝ ամերիկահայ բարերար՝ Մայք Սարեան։
Սարեան կարողացած է մեր հայրենակիցի բուժման ամբողջ ծախսերը հոգալ, մասնաւորապէս այս ժամանակներուն, երբ մեր բոլորին համար սիրելի Պէյրութը կ՚անցնի դժուարին ժամանակներէ։
Ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք մեր հայրենակիցին, իսկ բարերար Սարեանին ալ լաւագոյն ու արեւոտ օրեր, որպէսզի շարունակէ մարդկային իր վեհ առաքելութիւնը։
Կաթիլ մը, յոյսի ալիք կը բերէ եւ աւելի քան վստահ ենք, որ Մայք Սարեանի նման «սպիտակ ձեռքեր»ով օժտուած մեր հայրենակիցները կարող են միայն յոյս ներշնչել բոլորիս, որովհետեւ կը ծառայեն առանց շահ ակնկալելու եւ կը ծառայեն մեծ սիրտով եւ նուիրուածութեամբ։
Ապաքինման մաղթանք լիբանանահայ մշակ՝ Յակոբ Կէրկէրեանին pic.twitter.com/tAL72QH3Ul
— arevelk.am (@arevelk1) December 30, 2022