image

Անիւ այրել եւ գլորել հայկական բնակավայրի ուղղութեամբ

Անիւ այրել եւ գլորել հայկական բնակավայրի ուղղութեամբ

Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի մօտակայ սարէն ատրպէյճանցիներն անիւներ այրած ու գլորած են ձորը։ Այս մասին NEWS.am-ին պատմած է Նորաբակի վարչական ղեկավար Վազգէն Ասատրեանը։

Ան պատմած է, որ հրդեհը բռնկած է մօտ չորս օր առաջ եւ մինչեւ հիմա չեն յաջողած մարել։

Վարչական ղեկավարն ըսած է, որ Նորաբակի կողմէ արօտավայրեր նոյնպէս վնասուած են։

Յիշեցնենք, որ Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած էր, որ Վարդենիս քաղաքի մօտակայ սարին մէջ հրդեհ բռնկած է։ Պարզուած էր, որ հրդեհը բռնկած է Նորաբակ եւ Ներքին Շորժա գիւղերու մօտակայ սարին մէջ։