Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ շահերը կրնան ապահովուիլ խաղաղ ճանապարհով, եթէ Քիեւ գտնուի մէկը, որ իր վրայ վերցնէ կարգաւորման քաղաքական պատասխանատուութիւնը։ Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ համար նախընտրելի է իր շահերն ապահովել խաղաղ ճանապարհով, սակայն մինչեւ օրս այդ հնարաւոր չէ եղած, ուստի կը կատարուի յատուկ ռազմական գործողութիւն։
«Ուստի Ռուսիոյ շահերը կ'ապահովուին կամ ռազմական ճանապարհով՝ յատուկ ռազմական գործողութիւնը շարունակելու միջոցով, կամ խաղաղ ճանապարհով, եթէ Քիեւ գտնուի մէկը, որ քաղաքական կամք ցուցաբերէ եւ իր վրայ վերցնէ քաղաքական պատասխանատուութիւնը»,- ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։