Բանաձեւին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ներկայացուցիչներու պալատի շուրջ 30 անդամ:
Բանաձեւին մէջ նշուած է, որ 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ստորագրած եռակողմ յայտարարութեամբ կողմերը կը պարտաւորուէին ազատ արձակել բոլոր գերիները, ու թէպէտ Հայաստանն ամբողջութեամբ կատարած է իր պարտականութիւնը, Ատրպէյճանը կը կեղծէ ռազմագերիներու կարգավիճակը՝ փորձելով արդարացնել անոնց գերի պահելու իր ցանկութիւնը:
ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանն այս առիթով նշած է. «Մենք կ'ողջունենք, որ Քոնկրէսը կոչ ըրած է ԱՄՆ-ին աւելի ուժեղ ու կայուն գործողութիւններու երթալ: Մենք ուրախ ենք, որ երկու կուսակցութիւններն ալ աջակցած են Պաքուին ուղղուած այդ կոչը՝ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել աւելի քան 200 հայ պատանդները, որոնց Ատրպէյճանը կը շարունակէ անօրինականօրէն պահել իր մօտ: Մենք շնորհակալ ենք քոնկրէսական Շիֆին եւ անոր գործընկերներուն այս մարդասիրական քայլի համար»:
Բանաձեւի եզրափակիչ հատուածին մէջ ըսուած է.
«Ներկայացուցիչներու պալատը
1.Կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձանց,
2.Կը յորդորէ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան բոլոր մակարդակներով, այդ շարքին եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացի շրջածիրէն ներս, աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ՝ հասկցնելով, թէ որքան կարեւոր է հաւատարիմ մնալ սեփական պարտաւորութիւններու կատարման՝ համաձայն 9 նոյեմբերի յայտարարութեան եւ միջազգային իրաւունքի՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր ռազմագերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձանց»:
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆն անընդունելի համարած է ԼՂ վերջին պատերազմէն աւելի քան 100 օր անց հարիւրաւոր հայ զինծառայողներու ու քաղաքացիական անձանց՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուիլը:
Պիլիրաքիսի գնահատմամբ՝ պատերազմէն ամիսներ անց հայ ռազմագերիները փակի տակ պահելու ատրպէյճանական կողմի քայլը Ժընեւի համաձայնագրի միջազգային օէենքի յստակ խախտում է: