image

Թրամփ կը դիտարկէ նպատակային հարուած Իրանին, որուն պիտի յաջորդէ աւելի լայնածաւալ յարձակում

Թրամփ կը դիտարկէ նպատակային հարուած Իրանին, որուն պիտի յաջորդէ աւելի լայնածաւալ յարձակում

Նախագահ Թրամփ իր խորհրդականներուն յայտնած է, որ եթէ դիւանագիտութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներու որեւէ նախնական նպատակային հարուած չստիպէ Իրանը հրաժարելու իր պահանջներէն եւ միջուկային ծրագիրէն, ան առաջիկայ ամիսներուն պիտի դիտարկէ շատ աւելի մեծ յարձակում, որու նպատակը պիտի ըլլայ երկրի առաջնորդները հեռացնել իշխանութենէն, յայտնած է The New York Times-ը:

Բարձրաստիճան բանակցողները կը ծրագրեն հանդիպիլ Ժըեւի մէջ փետրոարի 26-ին՝բանակցութիւններ վարելու վերջին փորձի շրջածիրէն ներս եւ քննարկելու նոր առաջարկը, որ կրնայ ելք հանդիսանալ ստեղծուած իրավիճակէն, մինչ երկու օդանաւակիր խումբեր կեդրոնացած են Իրանի դէմ հարուածային հեռաւորութեան վրայ:

Նախագահ Թրամփի սպառնալիքը վերջին օրինակն է այն բանի, թէ ինչպէս ան կը փորձէ ստիպել իրանցի առաջնորդները հասկնալու, որ անոնք չունին այլ ընտրութիւն, քան հրաժարիլ իրենց միջուկային ծրագրի բոլոր տարբերակներէն: 

Թէեւ վերջնական որոշումներ դեռ չեն կայացուած, խորհրդականները նշած են, որ պարոն Թրամփ հակուած է առաջիկայ օրերուն իրականացնելու նախնական հարուած, որու նպատակն է Իրանի առաջնորդներուն ցոյց տալ, որ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան հրաժարելու միջուկային զէնք ստեղծելու հնարաւորութենէն:

Դիտարկուող թիրախներու շարքին են՝ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի կեդրոնակայանը, երկրի միջուկային կառոյցները եւ պալիսթիք հրթիռներու ծրագիրը: