image

ԱՄՆ Պիտի օգնէ Թուրքիոյ

ԱՄՆ Պիտի օգնէ Թուրքիոյ

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մտադիր է յաւելեալ 100 միլիոն տոլար յատկացնել Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերէն ետք մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի յայտարարութեան։

«Այսօր Միացեալ Նահանգները յայտարարած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի կապակցութեամբ յաւելեալ 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու մասին»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Պլինքըն ընդգծած է, որ ընդհանուր առմամբ երկրաշարժէն ետք Միացեալ Նահանգներու կողմէ ուղղուած մարդասիրական օգնութիւնը պիտի կազմէ 185 միլիոն տոլար։ Անոր խօսքով՝ այդ գումարը, մասնաւորապէս, պիտի օգտագործուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւններուն աջակցելու համար։