Իրեն համար չկար փոքր գաղափար՝ ըլլայ ան հանդերձանք, տարեդարձի պատրաստութեան թեմա, ձեռային աշխատանքի ծրագիր, Մարիան կ՚օգնէր իր զաւակներուն երազանքները իրականութիւն դարձնելու: Մարիան չափազանց խանդավառ էր «Մեծ մամա» դառնալու համար:
Ան վստահ կ՚ըլլար որ իր տունը պատրաստ էր դիմաւորելու իր թոռները՝ խաղասենեակով, որ լեցուած էր բազմաթիւ խաղալիքներով, գիրքերով, տարազներով եւ արուեստի պարագաներով: Անոնք կը սիրէին միասին կրկնեփ թխել, օգնել պարտէզի աշխատանքներուն, գրկել զիրար եւ զրոյցներ կատարել կեանքի եւ թուաբանութեան մասին:
ԱՄՆ-ի մէջ՝ մահացած է լիբանանահայ վաստակաւոր մանկավարժ՝ Մարիա Ակիլեանը
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Ստորեւ կարճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք հանգուցեալի կենսագրական տուեալները։
Մարիա Պարգեւ Ակիլեան (ծնեալ՝ Պուլպուլեան), 71 տարեկան՝ Համտընէն, մահացաւ տան մէջ՝ շրջապատուած ընտանիքով, Ուրբաթ՝ 20 Մայիս, 2022-ին, շարոյրի քաղցկեղով մէկ տարի տեւած ծանրագին պայքարէ մը ետք:
Հանգուցեալը ծնած էր 31 դեկտեմբեր 1950 -ին, Պէյրութ՝ Լիբանան։ Ան դուստրն է հանգուցեալներ՝ Պարգեւ եւ Վիոլէթ Պուլպուլեաններուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անմիջական ժառանգորդներ են։
Մարիան՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, թուաբանութեան մագիստրոսի վկայական ստացած է, եւ 41 տարի եղած է թուաբանութեան խանդավառ ուսուցչուհի։ 15 տարի դասաւանդած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլէճի եւ 26 տարի Համըն Հոլ քաղաքի ցերեկային վարժարանին մէջ:
Ան իր ետին թողեց 45 տարուան ամուսինը՝ Սամուէլ Գէորգ Ակիլեանը, երեք զաւակները՝ Թամար Ակիլեանը, Թալին Ակիլեան Կլիսընը (ամուսինը՝ Մայքըլ Կլիսըն) եւ Լորի Ակիլեանը (Նշանածը՝ Մայքըլ Տէտրիքը), եւ չորս թոռները՝ Նազելի, Տիգրան, Վիգէն եւ Միհրանը։ Ան թողեց նաեւ իր քոյրն ու եղբայրը՝ Լիւսի Պուլպուլեանը եւ Պերճ Պուլպուլեաանը, եւ զարմիկներ՝ Արտեմ Պուլպուլեանը, Շուշիկ Վայէլլօ Պուլպուլեանը եւ Ալիս Լուսիէրը։
Անոր մեծ շրջապատը՝ ընտանիքն ու ընկերները զինք շատ պիտի կարօտնան:
Մարիան հարուստ փորձառութիւններով բաժնեկցեցաւ իր կեանքի հարազատ մարդոց հետ։
Մարիան եւ անոր ամուսինը՝ Սէմը միշտ պարի հարթակ բարձրացողներու առաջինը կ՚ըլլային եւ վերջինը դուրս կու գային այդտեղէն։ Անոնք ներդաշնակ կ՚երգէին եւ իրենց վառ պատմուածքներով կը հերթափոխուէին: Մարիան նուիրուած մայր էր եւ իր զաւակներուն ամենամեծ պաշտպանը։ Զիրենք կը քաջալերէր բացայայտելու իրենց հետաքրքրութիւնները:
Իրեն համար չկար փոքր գաղափար՝ ըլլայ ան հանդերձանք, տարեդարձի պատրաստութեան թեմա, ձեռային աշխատանքի ծրագիր, Մարիան կ՚օգնէր իր զաւակներուն երազանքները իրականութիւն դարձնելու: Մարիան չափազանց խանդավառ էր «Մեծ մամա» դառնալու համար:
Ան վստահ կ՚ըլլար որ իր տունը պատրաստ էր դիմաւորելու իր թոռները՝ խաղասենեակով, որ լեցուած էր բազմաթիւ խաղալիքներով, գիրքերով, տարազներով եւ արուեստի պարագաներով: Անոնք կը սիրէին միասին կրկնեփ թխել, օգնել պարտէզի աշխատանքներուն, գրկել զիրար եւ զրոյցներ կատարել կեանքի եւ թուաբանութեան մասին:
Մարիան՝ հանդիպած անձին վրայ մնայուն տպաւորութիւն կը ձգէր: Ան աշխոյժ էր, սրամիտ, սրտբաց, կ՚ընդունէր բոլորը եւ ունէր պայծառ ժպիտ: Մարիան իր անհատականութիւնը կ՚արտայայտէր իր իւրայատուկ նորաձեւութեամբ՝ չվախնալով ցուցադրելու իր ոճը՝ վառ գոյներով եւ համարձակ գիծերով։
Մարիային սէրը թուաբանութեան հանդէպ խորունկ էր եւ վարակիչ։ Ան մեծ հաճոյք կը ստանար խնդիրներ լուծելէն եւ օրինաչափութիւններ գտնելէն ետք։ Այդ ուրախութիւնը ան կը կիսէր աշխարհին հետ՝ դասաւանդութենէն անդին: Մարիան կ՚օգնէր իր ուսանողներուն թուաբանութիւնը տեսնելու այլ տեսանկիւնէ եւ ցոյց կու տար, թէ ինչպէս այն կրնայ ըլլալ վերաբերական, զուարճալի եւ նոյնիսկ՝ գեղեցիկ:
Թուաբանութեան կրթութեան նկատմամբ անոր մօտեցումը, սորվելու սէր յառաջացուց անոր ուսանողներուն մօտ, որ նաեւ երկարատեւ ազդեցութիւն ունեցաւ սերունդներու վրայ:
Մարիա մեծ սէր ունէր պարտիզամշակութեան հանդէպ, որ աւելի էր քան ծաղիկներ տնկելն ու աճեցնելը: Անոր մշակածը ապրող արուեստի պատկերասրահ էր ՝ հրաշալի գանձերով լեցուն, որմէ խոր բաւարարուածութիւն կը ստանար:
Այցելուները, որոնց բախտը վիճակուած էր մանրամասն շրջագայելու անոր պարտէզին մէջ, կը լսէին իւրաքանչիւր ծաղիկի, իւրաքանչիւր բոյսի հէքիաթային՝ մանրամասն պատմութիւնը: Անոր պարտէզը պիտի շարունակէ աճիլ եւ զարգանալ իր մահէն ետք՝ առաջնորդելով անոր հոգին դէպի անսահմանութիւն:
Եկեղեցական արարողութիւնը կատարուեցաւ Շաբաթ 4 Յունիս,
2022-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Համբարձում հայկական եկեղեցւոյ մէջ. հասցէ՝ 1460 Huntington Turnpike, Trumbull, CT 06611 , որուն կը յաջորդէ թաղման արարողութիւնը, միայն ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ: