image

Պոլիս. Ուսուցչաց Միութեան մեծարանքը վաստակաւոր ուսուցիչներու

Պոլիս. Ուսուցչաց Միութեան մեծարանքը վաստակաւոր ուսուցիչներու

Պոլսոյ մէջ, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, Ուսուցչաց Միութեան անդամներ, վաստակաւոր ուսուցիչներու ի պատիւ կազմակերպած են նախաճաշի հաւաքոյթ մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, Ուսուցչաց Միութեան անդամներ, վաստակաւոր ուսուցիչներու ի պատիւ կազմակերպեցին նախաճաշի հաւաքոյթ մը, որ սարքուեցաւ «Լօթուս. պիկ շէֆ» ճաշարանին մէջ։ 

Հաւաքոյթ մըն էր, որուն նպատակն էր համախմբել նախկին ուսուցիչները, թիկունք կանգնիլ անոնց, ջերմագին մթնոլորտի մէջ պատուել զանոնք, թարմացնել անցեալի յուշեր եւ ուրախութեան ցոլքեր ցանել անոնց սիրտերէն ու հոգիներէն ներս։

Երէկուան ձեռնարկը մէկտեղած էր 58 վաստակաշատ ուսուցիչներ, որոնք,- բառին բովանդակ առումով,- շատ հաճելի օր մը անցուցին, բոլորուելով բծախնդրութեամբ պատրաստուած նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ 

Ներկայ էին Ուսուցչաց Միութեան բոլոր անդամները, որոնք բծախնդրօրէն կը հետեւէին սպասարկութեան, Ուսուցչաց Հիմնարկի վարիչները, որոնք գլխաւոր մասնակից էին հաւաքոյթին, նաեւ Ուսուցչաց Հիմնարկի հաշուակալ՝ Պրն. Վանէս Ճանօղլու։ Մասնակիցներու միջեւ կար արական սեռէն միակ նախկին ուսուցիչ, իսկ այժմ Արժ. Տ. Յուսիկ Հերկելեան, որ աւարտին խօսք առաւ, յիշելով հին օրերը, գնահատելով ուսուցչական ասպարէզի կարեւոր դերը, սերունդներ հասցնելու բնագաւառէ ներս։

Շատ հաճելի հաւաքոյթ մըն էր, որ երախտագիտութեան գողտրիկ արտայայտութիւն կը ցոլացնէր։ Շնորհաւորելի են ձեռնարկի կազմակերպիչ՝ Ուսուցչաց Միութեան անդամները, որոնք են՝ Լոռի Կիւլպէնկօղլու (Ատենապետուհի) անդամներ՝ Մատլէն Թորաման, Նուարդ Սիանոսեան, Սրբուհի Հաֆիտու, Շնորհիկ Զօրվարեան, Գոհար Սայաճեան, Նատիա Էշմէզօղլու։