ԱՄՆ-ի աւելի քան 50 գոնկրէսականներէ բաղկացած երկկուսակցական խումբը միացած է Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնին եւ Կաս Պիլիրաքիսին` ԱՄՆ Պետական քարտուղարութենէն եւ Պաշտպանութեան նախարարութենէն պահանջելով արգիլել չորրորդ սերունդի F-16 կործանիչներու եւ արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ:
Փետրուար 4-ին պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինին ուղղուած նամակին մէջ կ'ըսուի. «Մենք խստօրէն կոչ կ'ընենք մերժելու Թուրքիոյ խնդրանքը` նոր F-16-երու եւ արդիականացման սարքաւորումներու վերաբերեալ, եւ անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու` Էրտողանի վարչակարգին պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Միացեալ Նահանգները պէտք չէ հետագային որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն, քանի դեռ նախագահ Էրտողանը շօշափելի քայլերու չէ ձեռնարկած` դադրեցնելու իր ապակայունացնող գործողութիւնները եւ միջազգային իրաւունքի խախտումները երկրին եւ արտերկրի մէջ»:
Նամակին մէջ շեշտուած է` նախադէպը ցոյց կու տայ, որ Էրտողան պիտի չփոխէ իր վարքագիծը, քանի դեռ ԱՄՆ-ն չէ օգտագործած իր դիւանագիտական բոլոր գործիքները, այդ շարքին` տնտեսական նպատակային պատժամիջոցները: