ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներ սահմանած է Իրանի հետախուզութեան եւ անվտանգութեան նախարարութեան (MOIS) եւ անոր ղեկավարի նկատմամբ ՝ մեղադրելով շարք մը սայպըր-յարձակումներ ընելու մէջ։ Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ Ելեւմուտի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
«Այսօր ԱՄՆ Ելեւմուտի նախարարութեան (OFAC) օտարերկրեայ հաշիւներու վերահսկողութեան վարչութիւնը պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ ներառած է Իրանի հետախուզութեան եւ անվտանգութեան նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ նախարարը` ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներու դէմ սայպըր-գրոհներուն մասնակցութեան առնչութեամբ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Գերատեսչութիւնը պնդած է, որ 2007 թուականէն ի վեր MOIS-ը վնասակար սայպըր-գործողութիւններ իրականացուցած է, որոնք ուղղուած են ամբողջ աշխարհի մէջ շարք մը կառավարական եւ մասնաւոր կազմակերպութիւններու եւ ենթակառուցուածքի տարբեր առանցքային հատուածներու դէմ։
Այս տարուան յուլիսին, նախարարութեան տուեալներով, պարզուած է, որ սայպըր-սպառնալիք կատարողները հովանաւորուած են Իրանի կառավարութեան կողմէ, եւ որ MOIS-ը խախտած է Ալպանիոյ կառավարութեան համակարգչային համակարգի աշխատանքը, որ յանգեցուցած է երկրի բնակչութեան առցանց ծառայութիւններու մատուցման ժամանակաւոր դադարեցման: ԱՄՆ Ելեւմուտի նախարարութիւնը նշած է նաեւ, որ ցանցահէնները պատասխանատու են ենթադրաբար Ալպանիոյ կառավարութեան պատկանող փաստաթուղթերու եւ քաղաքացիներու հետ կապուած անձնական տեղեկատւութեան արտահոսքի համար։