image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-էն կոչ «Մի երթաք Ռուսիա»

ԱՄՆ-էն կոչ  «Մի երթաք Ռուսիա»

Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ԱՄՆ քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած է չմեկնիլ Ռուսիա՝ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան պատճառով։ Այս մասին ըսուած է դիւանագիտական առաքելութեան կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

«Մի՛ մեկնիք Ռուսիա՝ կապուած Ուքրանիա ռուսական ռազմական ուժերու չհրահրուած լայնամաշտապ ներխուժման անկանխատեսելի հետեւանքներու հետ», - ըսուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յայտարարութեան մէջ։

Բացի այդ, դիւանագէտները չեն խրախուսեր Ռուսիա մեկնիլը` ամերիկացիներու հետագայ կալանաւորման համար հաւանական ոտնձգութիւններու, օրէնքի կամայական կիրառման, Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն օգնելու դեսպանատան սահմանափակ կարողութիւններու եւ ահաբեկչութեան հնարաւորութեան պատճառներով:

Դեսպանատունը նաեւ յորդորած է Ռուսիոյ մէջ ապրող կամ այդ երկրով ճամբորդող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները անյապաղ հեռանալ։

Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւնը նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կրնան մերժել Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութեան ճանաչումը ռուս-ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող անձանց, արգիլել անոնց հասանելիութիւնը Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսական օգնութեան, ենթարկել անոնց զօրահաւաքի, թոյլ չտալ հեռանալ Ռուսիայէն եւ/կամ զօրակոչել անոնց: