image

Ամերիկեան մամուլ. Քամալա Հարիս նախագահական մրցապայքարին մէջ Պայտընին փոխարինելու ամենահաւանական թեկնածուն է

Ամերիկեան մամուլ. Քամալա Հարիս նախագահական մրցապայքարին մէջ Պայտընին փոխարինելու ամենահաւանական թեկնածուն է

ԱՄՆ փոխնախագահ Քամալա Հարիս, հակառակ իր քաղաքական թուլութեան, կը համարուի պետութեան ներկայիս ղեկավար Ճօ Պայտընին փոխարինելու ամենահաւանական թեկնածուն, եթէ վերջինս դուրս գայ ընտրապայքարէն։ Նման կարծիք յայտնած է The Wall Street Journal-ը (WSJ):

Պարբերականը նկատած է, որ թէեւ Հարիսի վարկանիշը նոյնքան ցած է, որքան գործող նախագահինը, ան կը շարունակէ սիրուած մնալ սեւամորթ ընտրողներու եւ կանանց կողմէ: Հարիս նաեւ զգալի առաւելութիւն ունի միւս հաւանական դեմոկրատ թեկնածուներու նկատմամբ. որպէս Պայտընի փոխնախագահի թեկնածու, ան կը կարողանայ օգտագործել Պայտընի վերընտրման նպատակով դրամահաւաքով կուտակուած միջոցները՝ սեփական քարոզարշաւը ֆինանսաւորելու համար, եթէ գործող նախագահը որոշէ չվերընտրուիլ:

Հրատարակութեան համաձայն՝ Հարիս վերջերս սկսած է նաեւ ամրապնդել իր դիրքերը Պայտընի վարչակազմին մէջ, այդ շարքին՝ ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ։ Ան Սպիտակ տան պաշտօնեաներուն կոչ ըրած է աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու Կազայի հատուածի մարդասիրական խնդիրներուն եւ կեդրոնանալ անկլաւի մէջ յետպատերազմային կարգաւորման ծրագրի մշակման վրայ։

ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան նոյեմբեր 5-ին։ Թրամփ արդէն ստացած է անհրաժեշտ թուով պատուիրակներու ձայներ՝ որպէս պետութեան ղեկավարի հանրապետական թեկնածու առաջադրուելու համար։ Երկրորդ ժամկէտի համար պայքարող Պայտընն ապահոված է Դեմոկրատական կուսակցութեան բաւարար թուով պատուիրակներու աջակցութիւնը։ Սակայն Պայտըն-Թրամփ հեռուստաբանավէճին գործող նախագահի անյաջող ելոյթէն ետք աշխուժացած են անոր այլ թեկնածուով փոխարինելու վերաբերեալ քննարկումները: