Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուզրա Զէյան Հայաստան կը գտնուի։
«Ողջոյն Հայաստանէն»։ Հայաստան ժամանելուն պէս ուրախ էի հանդիպելու Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինի հետ: Կ'ակնկալենք ամրապնդել համագործակցութիւնը կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործընկերներուն հետ՝ խթանելու ժողովրդավարական օրէնքի գերակայութիւնը, փտածութեան դէմ պայքարը եւ դատական բարեփոխումները»,- X-ի իր միքրոպլոկին գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի`Քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով տեղակալ Ուզրա Զէյան 2024 թուականի 9-17 յուլիսին պիտի գտնուի Վրաստան եւ Հայաստան, որպէսզի մասնակցի ժողովրդավարական կառավարման, փտածութեան դէմ պայքարի, լրատուամիջոցներու եւ խօսքի ազատութեան, լուսանցքուած ու խոցելի խումբերու վերաբերեալ նախատեսուած քննարկումներուն։
Հայաստանի մէջ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Զէյան պիտի հանդիպի բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ՝ ԱՄՆ-Հայաստան գործընկերութեան ամրապնդման, օրէնքի գերակայութեան, հակափտածութեան եւ դատաիրաւական բարեփոխումներու ոլորտի մէջ Հայաստանի առաջխաղացման վերաբերեալ հարցերը քննարկելու համար:
Ան պիտի այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1915 թուականի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Բացի այդ, ան պիտի այցելէ Հաղպատի վանք՝ նպաստելու կրօնական ազատութեան նկատմամբ յարգանքին եւ մշակութային պահպանման: