image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը կասկածի, որ Իսրայէլեան նաւուն վրայ գրոհը գործած է՝ Իրանը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը  կասկածի, որ Իսրայէլեան նաւուն վրայ  գրոհը գործած է՝ Իրանը

Իսրայէլացի միլիառտիրոջ պատկանող բեռնանաւը Հնդկական ովկիանոսի վրայ ենթարկուած է հաւանաբար իրանական անօդաչուի գրոհին, շաբաթ օր АР գործակալութեան տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը։

Նշենք, որ «CMA CGM Symi» նաւու վրայ յարձակումը տեղի  ունեցած է ուրբաթ օր։

Գործակալութեան հետ անունը չնշելու պայմանով զրուցած Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ նաւը, որ կը նաւարկէ Մալթայի դրօշակի ներքեւ, «միջազգային ջուրերուն մէջ գտնուելով՝ ենթադրաբար գրոհի ենթարկուած է Shahed-136 անօդաչուի կողմէ», որ եռանկիւնաձեւ է եւ ռումբ կը կրէ։

Անոր խօսքով՝ անօդաչուն պայթած է, որու հետեւանքով նաւը վնասուածք ստացած է, բայց անձնակազմէն ոչ ոք տուժած է։

«Մենք կը շարունակենք ուշադիր հետեւիլ իրավիճակին»,- ըսած է Փենթակոնի պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Ան չէ նշած, սակայն, թէ ամերիկացի զինուորականները ինչ հետախուզական տուեալներ հաւաքած են, որոնք թոյլ կու տան ենթադրելու, որ Իրան կանգնած է գրոհի ետեւը ։

«Յարձակումը, ամենայն հաւանականութեամբ, նպատակաուղղուած էր, քանի որ նաւը կապուած է Իսրայէլի հետ Eastern Pacific Shipping ընկերութեան միջոցով»,- AP-ին ըսած են Ambrey մասնաւոր հետախուզական ընկերութենէն։

Symi նաւը կը պատկանի Eastern Pacific Shipping սինկափուրեան ընկերութեան, որ կը վերահսկուի իսրայէլացի միլիառտէր Իտան Օֆերի կողմէ։