Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը յայտարարած է, որ անօդաչուներով յարձակած է իսրայէլեան բանակի հրամանատարութեան շտաբի վրայ` Իսրայէլ-Լիբանան սահմանի հատուածին մէջ։
Հարուածներու հետեւանքով, շարժման պնդմամբ, կան զոհեր եւ վիրաւորներ:
«Իսլամական դիմադրութիւնը մայիս 17-ին ԱԹՍ-ներու օգնութեամբ գրոհած է Հաաթոնի մէջ 411-րդ հրետանային գումարտակի հրամանատարութեան շտաբը, ուր տեղակայուած էին սպաներ եւ զինուորներ։ Թիրախները խոցուած են բարձր ճշգրտութեամբ, որու հետեւանքով զինծառայողներու շարքերէն կան զոհեր եւ վիրաւորներ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: