image

Արեւմտեան Թեմ. Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին անդրանիկ այցը դէպի Լաս Վեկաս

Արեւմտեան Թեմ.  Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին անդրանիկ այցը դէպի Լաս Վեկաս

Օրերս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Լաս Վեկասի հայ համայնքին տուած անդրանիկ այցելութեան ծիրէն ներս, տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած է Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ աւուր պատշաճի քարոզած, Հոգեգալստեան տօնին առիթով: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Կիրակի, 19 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, անցնող շաբաթավերջին Լաս Վեկասի հայ համայնքին տուած անդրանիկ այցելութեան ծիրէն ներս, տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ աւուր պատշաճի քարոզեց, Հոգեգալստեան տօնին առիթով: 

Ֆիզիքապէս կեդրոնէն հեռու, բայց սրտի մօտ Վեկասի հայ համայնքին համար Կիրակի օրը դարձաւ կրկնակիօրէն տօնական, երբ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շքախումբով եւ տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշակակիր սկաուտներու առաջնորդութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, Միացեալ Նահանգներ նոր ժամանած Արժ. Տ. Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան, Լոս Անճելըսէն մեկնած սարկաւագներ ու դպիրներ եւ եկեղեցւոյ երգչախումբը: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, նուիրեալ ազգայիններ, բարերարներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն, որոնց բոլորին անունով Առաջնորդ Սրբազան Հօր անդրանիկ այցելութիւնը ողջունեց եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արցախ Քհնյ. Պատոյեան: 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը սրտառուչ էր երկու իմաստով. ան նախ անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին՝ Յիսուս Քրիստոսի դէպի երկինք համբարձման առիթով երկիր առաքուած եւ աշխարհի վրայ այդ օրուընէ սկսեալ մնայուն ներկայութիւն հաստատած Ս. Հոգիին՝ իբրեւ հաւատացեալներու առաջնորդ ու պաշտպան, ապա ազգային առումով մասնաւորեց Լուսաւորչի մշտավառ կանթեղը՝ իբրեւ հայ ազգի հոգեւոր կեանքի խորհրդանիշը՝ նշելով, որ Հայց. Առաքելական եկեղեցիներ իրենց խորանին ունին արծարծուն կանթեղ, որ նոյնինքն Լուսաւորչի կանթեղն է, որ կը մարմնաւորէ քրիստոնեայ հայութեան անխախտ հաւատքն ու անշեղ հաւատարմութիւնը առ Երկինք ու Ս. Երրորդութիւն, ապա յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Լուսաւորչի կանթեղի օրինակով Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ խորանը եւս զարդարէ այդ անմար կանթեղը՝ մշտարծարծ պահելու համար քրիստոնեայ Հայաստանի գաղափարը աշխարհի բոլոր անկիւններուն, ուր գոյութիւն ունին հայ համայնքներ: 

Իր պատգամի աւարտին, Գեղամ Արք. Խաչերեան ողջունեց Լաս Վեկասի ծխական համայնքը, եկեղեցւոյ ընտանիքը, ղեկավարութիւն եւ կամաւոր աշխատողներ, ապա շեշտեց ազգային ու ոգեղէն արժէնքները ժառանգաբար նոր սերունդներու զաւակներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ աստուածահաճոյ աշխատանք է, որ կը կատարուի նաեւ կեդրոնէն հեռու մեր ծուխերուն մէջ, «որոնք իրականութեան մէջ շատ մօտ են մեր սրտին», շեշտեց ան եւ այս առումով գնահատեց հաւաքական կեանքի մէջ բոլորին կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը, յանուն հայ հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներու առաւել պայծառացման:   

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ յայտարարեց, որ Լաս Վեկասի համայնքը շուտով հրաժեշտ կու տայ գործող Հոգեւոր հովիւ Տէր Արցախի, որ այսուհետեւ պիտի հովուէ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը, մինչ Լաս Վեկասի ծուխը կ՛ունենայ նոր Հովիւ՝ յանձին Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Պալգէորգեանի, որ վերջերս ժամանած է շրջան: 

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին Գեղամ Արքեպիսկոպոս մօտէն ծանօթացաւ համայնքի զաւակներուն եւ ընդունեց անոնց շնորհաւորանքներն ու ջերմագին բարեմաղթութիւնները եւ բոլորին փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները: 

ՀՕՄ-Ի ՎԵՐԺԻՆ ՔՈՒՃԱՔԵԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Առաջնորդ Գեղամ Արքեպիսկոպոս, որ Ուրբաթ, 17 Մայիսին, սարկաւագներու ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսէն Լաս Վեկաս ժամանած նոյն օրը, հանդիպում ունեցաւ համայնքի պատասխանատուներու եւ բարերարներու հետ, իսկ Շաբաթ, 18 Մայիսի կէսօրին, ան նախագահեց ՀՕՄ-ի Շուշի մասնաճիւղի Վերժին Քուճաքեան շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսին եւ այս առիթով արտայայտեց իր հոգեկան գոհունակութիւնն ու սրտի խօսքը՝ նախ գնահատելով աշակերտներուն ծնողները, որ հաւատքով կը մօտենան հայկական վարժարանին, ապա արժեւորելով ՀՕՄ-ի տեղական վարչութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց կամաւորական անսակարկ աշխատանքին մէջ: 

Անդրադառնալով հայ դպրոցի կարեւորութեան, Սրբազան Հայրը դրուատեց Վեկասի հայկական եկեղեցւոյ կողքին ազգայնաշունչ շաբաթօրեայ վարժարան մը ծաղկեցնելու անձնդիր նուիրումը բոլոր պատասխանատուներուն՝ նկատելով, որ համատարած անապատին մէջ հայկական այս կեդրոնը ովասիսի դեր կը կատարէ՝ մատղաշ մանուկներու հոգիներուն մէջ ամրապնդելով ազգային ժառանգութիւն եւ ոգեղէն արժէքներ:      

Նոյն օրը երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ նախագահեց աշխատանքային հանդիպման մը, որուն ներկայ եղան Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձական կազմը եւ եկեղեցւոյ նոր Քահանայ հայրը: