image

ՆԱԹՕ-ն զօրք պիտի չուղարկէ Ուքրանիա. Սթոլթընպերկ

ՆԱԹՕ-ն զօրք պիտի չուղարկէ Ուքրանիա. Սթոլթընպերկ

Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կը մեծացնէ իր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ, բայց զօրք պիտի չուղարկէ, որպէսզի չդառնայ հակամարտութեան մաս։

Գերմանական Welt am Sonntag թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթընպերկ։

«Չնայած մենք կը մեծցնենք Ուքրանիոյ ինքնապաշտպանութեան ուղղուած աջակցութիւնը, մենք չենք նախատեսեր ՆԱԹՕ-ի զօրքեր ուղարկել Ուքրանիա կամ ՆԱԹՕ-ի հակաօդային պաշտպանութեան հովանոցը տարածել այնտեղ: ՆԱԹՕ-ն չի դառնար հակամարտութեան մաս»,- ըսած է Սթոլթընպերկ:

Անոր խօսքով, տեսականօրէն հնարաւոր կ'ըլլար ռուսական հրթիռները խոցել Լեհաստանի կամ Ռումանիոյ տարածքէն, օրինակ, Patriot մարտկոցներու օգնութեամբ։