Իսրայէլ արձագանգած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման, որու համաձայն՝ Թել Աւիւ պարտաւոր է դադրեցնել Ռաֆահի վրայ յարձակումները եւ ցանկացած այլ գործողութիւն, որ կրնան բացասաբար անդրադառնալ քաղաքի բնակչութեան վրայ: Դատարանը նաեւ պարտաւորեցուցած է Իսրայէլը՝ բաց պահել Ռաֆահի անցակէտը եւ ապահովել անարգել մուտքը փաստահաւաք առաքելութիւններուն Կազայի հատուած:
Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, պնդած, որ ցեղասպանութեան համար Թել Աւիւին ներկայացուող մեղադրանքները կեղծ են եւ նողկալի: Ըստ հրապարակման՝ իսրայէլեան ուժերը պաշտպանական պատերազմ կը վարեն՝ վերացնելու «Համաս»-ը եւ վերադարձնելու Կազայի մէջ պահուող գերիները: «Իսրայէլ կը գործէ միջազգային իրաւունքին համապատասխան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Կառոյցները կը վստահեցնեն, որ Ռաֆահի տարածքին մէջ չեն իրականացներ այնպիսի գործողութիւններ, որոնք կրնան յանգեցնել Կազայի հատուածի բնակչութեան ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման: Ըստ յայտարարութեան՝ իսրայէլեան կողմը բաց կը պահէ Ռաֆահի անցակէտը մարդասիրական մատակարարումներու համար եւ թոյլ չի տար ահաբեկչական խումբերուն վերահսկել այն:
Մինչդեռ Կազայի հատուածին մէջ եւ, մասնաւորապէս, Եգիպտոսի հետ սահմանին գտնուող Ռաֆահ քաղաքի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, խաղաղ բնակչութեան զոհերու թիւը կը հասնի 36000-ի, վիրաւորներունը՝ կ'անցնի 80000-ը: