image

Ամերիկան պիտի չօգնէ Ատրպէյճանին

Ամերիկան պիտի չօգնէ Ատրպէյճանին
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է քոնկրէսական Փալոնի կողմէ ներկայացուած փոփոխութիւնը, որ կը դադրեցնէ ԱՄՆ-ի ռազմական ֆինանսական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»։
 
Փալոնի ներկայացուցած փոփոխութեան մէջ ըսուած է. «Միջազգային ռազմական կրթութիւն եւ ուսուցում», ինչպէս նաեւ «Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորում» ծրագրերու միջոցով յատկացուող որեւէ ֆինանսաւորում պիտի չտրամադրուի Ատրպէյճանին:
 
Դրոյթը չարգելափակեր հայեցողական ռազմական տեխնիկան, որ կրնայ փոխանցուիլ Պաշտպանութեան բաժանմունքի կողմէ ԱՄՆ-ի օրէնքներու 333-րդ յօդուածի համաձայն:
 
Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը ողջունած է Փոփոխութիւններու մասին պալատի կայացուցած որոշումը: