image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկա պիտի արտաքսէ ապօրինիները

Ամերիկա պիտի արտաքսէ ապօրինիները
ԱՄՆ-ի ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը յայտարարած է անօրինական ներգաղթեալներու արտաքսման ընթացակարգը երկուշաբթի օրուընէ վերսկսելու մասին: Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը, յղում ընելով գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան:
 
«Այսօրուընէ (26 Յուլիսէն- խմբ․) որոշ ընտանիքներ ենթակայ են արագացուած արտաքսման ընթացակարգի: Արագացուած արտաքսումը օրինական ընթացակարգ է այն ընտանիքներու արտաքսման համար, որոնք ԱՄՆ-ի տարածքին գտնուելու համար օրինական հիմքեր չունին»,- նշած են նախարարութենէն:
 
Ամերիկեան իշխանութիւնները նաեւ նախազգուշացուցած են անօրինական կերպով ԱՄՆ ներխուժելու փորձերէ զերծ մնալու մասին։
 
Գերատեսչութեան պնդմամբ՝ ԱՄՆ-ի վարչակազմը կը շարունակէ աշխատիլ անվտանգ եւ մարդասիրական ներգաղթի համակարգ ստեղծելու ուղղութեամբ։