Միացեալ Նահանգները ձեռնակած է բոլոր միջոցները 1945 թուականին ԱՄՆ-ի կողմէ միջուկային ռմբակոծութիւններու թեման Ճափոնի բնակչութեան յիշողութենէն ջնջելու համար: Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«ԱՄՆ-ն ըրած է ամէն ինչ, որպէսզի ջնջր ճափոնցիներու յիշողութենէն Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրենց երկրին միջուկային հարուած հասցնելու թեման: Դասագիրքերուն ու թանգարաններուն մէջ, որոնք բացուած էին, կը բացուին եւ կը գործեն Ճափոնի մէջ, որեւէ տեղ չի յիշատակուիր, որ Ուաշինկթըն իրենց ռմբակոծելու որոշումը կայացուցած ու իրակականացուցած է: Նոյնիսկ ռմբակոծութիւններու տարելիցին կապակցութեամբ Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող յիշատակի միջոցառումները նուիրուած կ'ըլլան հարուածներուն ու զոհերին, սակայն չի դատապարտուիր ու նոյնիսկ չի յիշատակուիր որու կողմէ կայացուած է որոշումը եւ իրականացուած է այն», նշած է Զախարովան:
ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչին խօսքով Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի քաղաքապետերը առաջարկած են կազմակերպել ԱՄՆ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու այցը այն տարածաշրջաններ, որոնք տուժած են Միացեալ Նահանգներու միջուկային հարուածներուն հետեւանքով:
«Եթէ այս քայլը, այնուամենայնիւ, որեւէ կերպ իրականացուի, այն թոյլ պիտի տայ վերականգնելու պատմական յիշողութիւնը այն ժամանակներու մասին, իսկ այդ կարեւոր է․ չջնջել այն ու չվերաշարադրել, այլ վերադառնալ արմատներուն ու յիշեցնել որոշում կայացուցածներու յետնորդներուն այն ժամանակ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտի համար ռազմավարական նշանակութիւն չունեցող, սակայն խաղաղ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ պատիժի ու հատուցման արարք հանդիսացող այդ միջուկային հարուածը հասցնելու մասին», յաւելած է դիւանագէտը:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ այդ եղած է եւ առ այսօր ալ կը հանդիսանայ միջուկային զէնքի կիրառման միակ դէպքը, որ չէ եղած փորձարկում, այլ ուղղուած էր պետութեան ու խաղաղ բնակչութեան դէմ: