Յունուարի 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սիւնեաց թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետ, «սիսականէ ջոկատի հրամանատար, գնդապետ Աշոտ Մինասեանի Պաշտպանութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն` առաջնորդութեամբ Սիւնեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգեշնորհ Տ. Մակար վարդապետ Յակոբեանին:
Խորհուրդի ներկայացուցիչները Նորին Սրբութեանը ներկայացուցին կալանքի մէջ գտնուող տիար Աշոտ Մինասեանի նկատմամբ իրականացուող քրէական հետապնդման իրաւական գործընթացներուն մանրամասները` մտահոգութիւն արտայայտելով անոր առողջական վիճակի եւ կալանքի մէջ գտնուելու անհամատեղելիութեան առնչութեամբ:
Նորին Սրբութիւնը, բարձր գնահատանքով անդրադառնալով տիար Մինասեանի հայրենանուէր ու եկեղեցասէր գործունէութեանը, միաժամանակ արձանագրեց, որ Եկեղեցին զերծ կը մնայ իրաւական գործընթացներուն միջամտութիւններէն: Մայր Աթոռի սպասումն է, որ դատավարական գործընթացները իրականացուին անաչառութեան ու բազմակողմանիութեան սկզբունքներով եւ նկատի առնուի անոր առողջական վիճակը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատանք յայտնեց Պաշտպանութեան խորհուրդին իրենց մարդասիրական նախաձեռնութեան համար:
Հանդիպմանը Ամենայն Հայոց Հայրապետն անդրադարձ կատարեց երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ տիրող իրավիճակին` աղօթելով, որ Տիրոջ օրհնութեամբ ու համազգային ջանքերով յաղթահարուին մեր ժողովուրդին յուզող խնդիրները: