Փետրուար 1-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցով մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներու հետ` քննարկելու Մայր Աթոռի կողմէ իրականացուող ծրագրերը: