Տալայ Լամա.6 տարեկանին զինք հեռացուցած են հայրենի տունէն։ 15 տարեկանին ան արդէն ռազմական առաջնորդ էր, իսկ 25 տարեկանին Թիպէթէն Հնդկաստան կը փախչի։ Հիմա Տալայ լաման 83 տարեկան է, բայց անոր դէմքին կնճիռներու փոխարէն ժպիտ է։
Ամէն օր 10-էն 30 վայրկեան քալեցէք։ Երբ կը քալէք, ժպտացէք։
Ամենաքիչը 10 վայրկեան անցուցէք լռութեան մէջ։
Ամենաքիչը 7 ժամ քնացէք։
Խաղեր շատ խաղցէք։ Գիրքեր շատ կարդացէք։
Ժամանակ յատկացուցէք եոկայի, մտախոհութեան (Meditation), աղօթքի համար, քանի որ անոնք կը վերականգնեն եռանդը։
Ժամանակ անցուցէք 70-էն բարձր եւ 6 տարեկանէն վար մարդոց հետ։
Շատ երազեցէք։
Աւելի շատ կերէք այն սնունդները, որոնք կ'աճին ծառերու վրայ եւ աւելի քիչ՝ գործարաններու մէջ արտադրուածները։
Շատ ջուր խմեցէք։
Օրական ամենաքիչը երեք մարդու ստիպեցէք, որ ժպտան։
Ձեր թանկագին եռանդը մի ծախսէք բամբասանքի վրայ։
Մոռցէք անցեալի խնդիրները։
Հարազատներուն եւ ընկերներուն մի յիշեցնէք անցեալի վէճերը։
Այդ կը խանգարէ ձեր ներկայ երջանկութիւնը։
Ձեր գլխէն դուրս նետեցէք բացասական մտքերը եւ նայեցէք միայն դրական կողմերուն։
Հասկցէք վերջապէս, որ կեանքը դպրոց է, եւ դուք եկած էք, որ սորվիք։
Խնդիրները դպրոցական ծրագրի մէկ մասն են։
Անոնք կ'աւարտին, ինչպէս ուսողութեան դասաժամը, իսկ ձեռք բերած գիտելիքները կը մնան յաւերժ։
Կեանքը շատ կարճ է, որպէսզի այն ծախսէք ատելութեան վրայ։
Մի ատէք։
Ձեր անձը շատ լուրջ մի ընդունիք։
Ոչ ոք ձեզ լուրջ կ'ընդունի։
Բոլոր վէճերու մէջ յաղթելու կարիք ամենեւին ալ չկայ։
Սորվեցէք ընդունիլ, որ դուք սխալ էք։
Հաշտուեցէք ձեր անցեալին հետ, որպէսզի ձեր ներկան չփճանայ։
Մի համեմատէք ձեր կեանքը ուրիշներու հետ։
Դուք ոչինչ գիտէք անոր մասին։
Ձեր սիրելիին մի համեմատէք ուրիշ անձի մը հետ։
Ոչ ոք, բացի ձեզմէ, չի հոգար ձեր երջանկութեան մասին։
Ներել սորվեցէք։
Թէ ինչ կը մտածեն ուրիշները ձեր մասին, ձեր գործը չէ։
Յիշեցէք՝ իրավիճակը որքան ալ լաւ կամ վատ ըլլայ, այն պիտի փոխուի։
Ձեր աշխատանքը ձեր մասին չի հոգար, եթէ դուք հիւանդանաք։
Ընկերները կը հոգան։
Մի կորսուիք։
Ազատուեցէք այն բոլորէն, որ անօգուտ է, տգեղ կամ չ'ուրախացներ։
Նախանձը ժամանակի վատնում է։
Մէկ է, դուք արդէն ունիք այն ամէնը, որ ձեզի պէտք է, մնացածն ալ ժամանակի ընթացքին կ'ունենաք։
Լաւագոյնը դեռ գալիքի մէջ է։
Կարեւոր չէ, թէ ինչպէս կը զգաք․ արթնցէք, հագուեցէք եւ շփուեցէք մարդոց հետ։
Ճիշդ վարուեցէք։