image

Ամէն օր կը զանգեմ Կազա, ինծի կը պատմեն այնտեղ կատարուողի մասին. Հռոմի պապ

Ամէն օր կը զանգեմ Կազա, ինծի կը պատմեն այնտեղ կատարուողի մասին. Հռոմի պապ

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսն ըսած է, որ ամէն օր կը զանգէ Կազայի հատուածի մէջ գտնուող քրիստոնէական ծխական համայնք, ուր պատսպարուած է աւելի քան 600 մարդ: Այս մասին գրած է vaticannews.va կայքը:

«Անոնք ինծի կը պատմեն տեղի ունեցող իրադարձութիւններու, այդ շարքին՝ այնտեղ կատարուող դաժանութիւններու մասին»,-ըսած է կաթոլիկներու հովուապետը:

Հռոմի պապն ըսած է, որ ռազմական յարձակման ժամանակ մարդիկ պէտք է պաշտպանուելու հնարաւորութիւն ունենան, եւ որ այդ հնարաւորուրթիւնը պէտք է համաչափ ըլլայ յարձակման մաշտապին: Ան աւելցուցած է, որ այն, ինչ հիմա կը կատարուի, կարելի է բնութագրել որպէս «անբարոյականութիւն»:

«Նոյնիսկ պատերազմի պայմաններուն մէջ պաշտպանուած ըլլալու բարոյական իրաւունք կայ: Պատերազմն ինքնին անբարոյականութիւն է, բայց պատերազմի կանոնները կը պահանջեն որոշակի բարոյականութիւն», -ըսած է Հռոմի պապը:

Նշենք, որ Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 41,000-ը: