Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կնոջ ուղեկցութեամբ այցելած է Կովսական (Զանգելան), որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին հետեւանքով այժմ կը գտնուի Պաքուի վերահսկողութեան ներքոյ:
Անոնք ծանօթացած են Աղալի գիւղին մէջ «Խելացի գիւղ» նախագիծի շրջանակներուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, Կովսականի միջազգային օդակայանի կառուցման, ինչպէս նաեւ մասնակցած են Կովսականի թուային ենթակայանի հիմնարկէքին եւ «Զանգելան» 110/35/10 քիլովոլթ հզօրութեամբ ենթակայանի բացման:
«Այժմ կը սկսի Զանգելանի նոր դարաշրջանը, եւ կը պատրաստուի քաղաքին գլխաւոր յատակագիծը: Մրցոյթը յաղթած է օտարերկրեայ ընկերութիւն մը, եւ ես կը կարծեմ, որ գլխաւոր յատակագիծը պիտի ներկայացուի յառաջիկայ ամիսներուն... Մենք պիտի փորձենք սկսիլ զանգելանցիներու վերաբնակեցումը յաջորդ տարուան սկիզբը, գուցէ այս տարուան վերջը», յայտնած է Ալիեւ: