Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստան դրական կ'արձագանգէ խաղաղութեան համաձայնագիրի առաջարկի վերաբերեալ մեր դիտարկումներուն։ Ինչպէս հաղորդած է ԱՓԱ-ն, այդ մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լաթվիոյ նախագահ Էկիլս Լեւիտսի հետ 8 մարտին կայացած հանդիպումէն յետոյ:
«Որոշ ժամանակ առաջ մենք ներկայացուցած ենք մեր առաջարկը, որ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի նորմերու եւ սկզբունքներու վրայ։ Մենք մեկնաբանութիւններ ստացած ենք Հայաստանէն։ Ի պատասխան՝ մենք անոնց ուղարկեցինք մեր մեկնաբանութիւնները։ Այնպէս որ, գործընթացը կ'ընթանայ»,-յայտարարած է Ալիեւ։