image

Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ժընեւի մէջ պիտի մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովին

Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ժընեւի մէջ պիտի մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովին

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մարտ 22-27-ը աշխատանքային այցով Ժընեւի մէջ է` մասնակցելու Միջխորհրդարանական միութեան (IPU) 148-րդ վեհաժողովին:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանը, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներ Յասմիկ Յակոբեանը, Ծովինար Վարդանեանը եւ Արսէն Թորոսեանը, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանը:

Այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի ելոյթը վեհաժողովին եւ շարք մը աշխատանքային հանդիպումներ: