image

Ալագեազ- Սպիտակ ճանապարհին ինքնաշարժները տեղաշարժելու անկարողութեան առաջ էին

Ալագեազ- Սպիտակ ճանապարհին ինքնաշարժները տեղաշարժելու անկարողութեան առաջ էին

Դեկտեմբեր 24-ի առաւօտեան առատ ձիւնի պատճառով արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է Արագածոտնի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ։

Երեւան-Վանաձոր ճանապարհի Ալագեազ գիւղէն մինչեւ Սպիտակի ոլորաններ ուժեղացուած ծառայութեան անցած են իրաւապահներն ու փրկարարները։ 700-է աւելի մեքենայ, այդ շարքին բեռնատարներ, հանրակառքեր, չեն կրցած տեղաշարժիլ։

250-է աւելի մեքենայ պարեկները քաղաքացիներու հետ դուրս բերած են ձնակոյտերէն, մեքենաներու մէկ մասի անուադողերը ամառնային էին։

Խցանման պատճառը ձիւնը եւ մերկասառոյցը եղած են։ Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով ճանապարհը ձիւնէն մաքրելու, մերկասառոյցը աղ ու աւազով մշակելու աշխատանքներ կատարուած չեն եղած։