image

«Ալ Թապաքա» ջրամբարի փլուզումը լուրջ սպառնալիք Տէր Զօր եւ Ռաքքա նահանգներուն համար

«Ալ Թապաքա»  ջրամբարի  փլուզումը  լուրջ սպառնալիք Տէր Զօր եւ Ռաքքա նահանգներուն համար

Սուրիոյ  Տէր Զօր  նահանգը եւ   անոր շրջակայից գաւառները   յայտնուած են լուրջ սպառնալիքներու տակ: Այս  մասին     կանխազգուշացումներ  հնչեցուցած է ՄԱԿ-ը  յայտնելով,  որ Սուրիան ականատես կրնայ  ըլլալ    մեծ  ջրհեղեղներու:   Աղբւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ Տահէշ  ահաբեկչական   խմբաւորման միտումնաւոր     գործողութիւններուն հետեւանքով «Ալ Թապաքա» շրջանի   գլխաւոր  ջրամբարը  յայտնուած է  կործանման վտանգին առաջ:  Կը  հաղորդուի  նաեւ,  որ Տահէշ  ասկէ 3  շաբաթներ    մեծ  վնասներ հասցուցած է ջրամբարին ու  ապա   ընդհանրապէս հեռացած այդ  հատուածէն:

 Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ  մեծագոյնը համարուող ջրամբարին  բարձրութիւնը կը հասնի  60 մերթրի    իսկ    լայնքը ՝ 4.5 Քլմ.ի :  Տահէշ    «ալ Թապաքա»  շրջան  մուտք գործած է 2014-ին եւ  իր տիրապետութեան տակ առած Եփրատի ափին գտնուող  քաղաքի    եւ  շրջանի   մեծագոյն  ջրամբարը:

ՄԱԿ-ի կողմէ այս մասին հրապարակուած   հաղորդագրութիւնը   կը նշէ, որ    ջրամբարի  փլուզման հետեւանքները շատ ծանր  եւ աղետալի կրնան  ըլլալ  Ռաքքա եւ Տէր   Զօր     նահանգներուն համար: