Ատրպէյճանի դատախազները Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ շուրջ 45 հնարաւոր մեղադրանքներու նոր ու հսկայածաւալ փաթեթ առաջադրած են, հաղորդած է անոր պաշտպանական խումբը: Այդ մեղադրանքներով Վարդանեանին կը սպառնայ ցմահ ազատազրկման հեռանկարը։
Ռուբէն Վարդանեանի դէմ ներկայացուած նոր մեղադրանքները կ՚առնչուին Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի 20 տարբեր յօդուածներու յատկանիշներուն։ Շինծու ապացոյցները ներկայացուած են 100 հատորով, ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ մօտ 25 հազար էջ, ամբողջը՝ ատրպէյճաներէն:
Ենթադրեալ «ապացոյցներ»ն ամբողջութեամբ թաքցուած են թէ Ռուբէն Վարդանեանէն, թէ հանրութենէն՝ այն պատճառաբանութեամբ, թէ այդ մեղադրանքները կ՚առնչուին «Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան»: Ատրպէյճանական կողմը, միեւնոյն ժամանակ, հրաժարած է Վարդանեանին եւ անոր փաստաբանին տրամադրել «ապացոյցներու» պատճէնները։ Անոնց կը թոյլատրուի նիւթերուն ծանօթանալ առանց պատշաճ թարգմանութեան, սահմանափակ ժամկէտներու մէջ, սակայն «ազգային անվտանգութեան նկատառումներով»՝ անոնք սահմանափակուած են որեւէ նշում կատարելու հնարաւորութենէ: Վարդանեանն ու անոր փաստաբանը սահմանափակուած են իրենց իրաւունքներուն մէջ՝ դատավարութեան ժամանակ պաշտպանութեան պատրաստ ըլլալու համար։
«Այս մեղադրանքները Ատրպէյճանի ստանձնած միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում են։ Մեղադրանքներու այդ երկար շարանը՝ ակնյայտ անպատկառ փորձ է Ռուբէն Վարդանեանը մեղադրելու այն ամէնի մէջ, ինչ ատրպէյճանական ռեժիմն ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Աւելին, Ատրպէյճանի մերժումը՝ հանրային դարձնելու եւ ծանօթացման ներկայացնելու Վարդանեանի դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքներն ու այսպէս կոչուած ապացոյցները, կը վերահաստատէ, որ ատոնք քաղաքական դրդապատճառներ ունին: Ռեժիմը նաեւ կը գիտակցի, որ որեւէ անկախ դիտորդ կը նկատէ, որ ներկայացուած մեղադրանքներուն մէջ որեւէ արժանահաւատ ապացոյց չկայ ու չի սատարեր անոնց մերկապարանոց մեղադրանքներուն: Այս մօտեցումը յստակօրէն ծրագրուած է, որ Ալիեւը կարողանայ արդարացնել գաղտնի դատավարութեան կայացումը, որ պիտի ըլլայ ո՛չ անկախ, ո՛չ ալ անաչառ»,- ըսած է Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւախորհրդատու Ճարետ Կենսըրը։
Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը կոչ կ՚ընէ ժողովրդավար աշխարհին՝ ցոյց տալու, որ նման աղաղակող խախտումներն այլեւս չեն կրնար հանդուրժուիլ, եւ ապահովելու, որ միջազգային կազմակերպութիւններն ու լրատուամիջոցները ներկայ ըլլան դատավարութեան։
«Հօրս դէմ ներկայացուած այս վերջին մեղադրանքներն արդարադատութեան ծաղր են եւ COP29-ի ձախողումների համար հատուցում։ Ռուբէն Վարդանեանը երեք ամիս եղել է Լեռնային Ղարաբաղի պետնախարար, որտեղ նա փորձում էր սոցիալական կենսական ծրագրերի միջոցով բարելաւել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի կեանքը: Ցաւօք, սրա դիմաց նա կանգնել է ցմահ ազատազրկման սպառնալիքի առջեւ՝ աշխարհի ամենակոռումպացուած ռեժիմներից մէկի կողմից։ Նրա ձերբակալութիւնը եւ առաջադրուած կեղծ մեղադրանքները ազդանշան են ամբողջ աշխարհի հայերի համար, որ ոչ ոք ապահով չէ: Աւելի քան երկու տարի է, ինչ ընտանիքը չի կարողանում տեսնել նրան։ Մենք մտավախութիւն ունենք, որ հնարաւոր է այլեւս չկարողանանք նրան տեսնել, եթէ ժողովրդավար աշխարհը միջոցներ չձեռնարկի այս անհեթեթութեանը վերջ տալու համար»,-ըսած է Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեանը: