image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Սուրիական նոր ուժերու (տար)բաղադրութենէն բխած խնդիրներ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Սուրիական նոր ուժերու (տար)բաղադրութենէն բխած խնդիրներ

Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ Թուրքիա-Իսրայէլ հռետորաբանական պատերազմի զուտ բեմադրականութիւնը: Շիի գործօնի թուլացումը կը բխի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Իսրայէլի շահերէն: Այս գործողութիւններուն արդիւնքը` քրտական գործօնի չէզոքացումն է եւ Թուրքիոյ առաջադրած նպատակի իրականացումը իր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Իսրայէլի կողմէ քիւրտերու շահագործումը սուրիական կտրուածքով կը թուի աւարտած ըլլալ:

 

Սուրիոյ իրադարձութիւնները համընդհանուր պարունակի մէջ տեղաւորելու համար պէտք է երթալ մինչեւ 9/11 եւ այնուհետեւ ձեւաւորուած նոր աշխարհակարգի կանոնները վերյիշել: Աշխարհը կը բաժնուէր ահաբեկչական եւ հակաահաբեկչական ճամբարներու: Երկիրներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու ճշդած օրինաչափութիւններուն կը հետեւէին եւ երկիրներ, որոնք կ՛ընդդիմանային անոնց, մեքենայականօրէն դասակարգուելու համար ահաբեկչութեան նպաստող եւ զօրակցող երկիրներ: Հակաահաբեկչական ուխտերու միանալը փաստօրէն մէկ ճամբարի անդամակցութիւն էր եւ յանձնառութիւն` ընթանալու ճամբարային այդ ուղիէն:

Այս բաժանարարութիւնը պէտք է մտաբերել որպէսզի կարելի ըլլայ այդ նոյն բաղադրատարրերուն սուրիական իրադարձութիւններուն մասնակցութեան շարժառիթները վերլուծել: Քարտէսներ կը շրջագայէին, ուր Միջին Արեւելքը կ՛երեւար նոր սահմանագիծերով, ժողովրդագրական պատկերներու տեղափոխումներով, վերահսկողական գօտիներու նոր տարածքներով: Քաղաքական աշխարհագրութեան միջինարեւելեան տարբերակը կը թուէր, որ մեծ ծրագիրի մը  արտացոլացումն էր, որուն ուրուագիծը իբրեւ տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող քաղաքականութիւնը յաճախ տեսանելի կը դառնար: Մեծ հաշուով սիւննիստանի եւ շիիստանի երկուութիւնն էր, որ կը վերաձեւուէր:

Հիմա այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, շիի աշխարհաքաղաքական կեդրոնի արտաիրանեան յենակէտերու թուլացումն է մէկ կողմէ եւ շրջանին մէջ շիի յենարաններուն զօրակցող Ռուսիոյ դուրս բերումը այս մեծ խաղէն:

Քաղաքական նման նպատակներ հետապնդելու համար ստեղծուած, ծայրայեղ կրօնականութեան քողին տակ միջազգային ընտանիքին սպառնալիքի վերածուած եւ տարբեր ցամաքամասերու մէջ ժողովրդագրական, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամերու դուռ բացած ահաբեկչութիւնը այսօր վերափոխուած է: Վերափոխումը ոճային է առ այժմ: Կը խօսի քաղաքակրթութիւններու յարգումին, միջդաւանանքային եւ նոյնիսկ միջկրօնական հանդուրժողականութեան, բռնութեան մերժումին եւ խաղաղ գոյակցութեան մասին:

Առարկայական ըլլալու համար պէտք է նշել, որ Սուրիոյ մէջ նոր իշխանութեան զինեալ ուժերը բոլորը չեն, որ նախկին ահաբեկչական խմբաւորումներն են: Սուրիական ազատ բանակին, նախորդ վարչակարգէն նորին անցում կատարողներուն, Ազգային բանակին, թիւրքմեն ծագում ունեցողներուն եւ սուրիական այլ խմբաւորումներուն մէկ հատուածն է նախկին ահաբեկչականը, որ այսօր համատեղուած է այդ բոլորին հետ եւ որուն երէկուան առաջադրանքները այսօր չեն արծարծուիր: Գերակայ են միւսներունը, որ սուրիացի ժողովուրդին համախմբման եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կը ձգտի:

Երեւութաբար ուրեմն այս փուլին կրօնական ինքնագունաւորումով ահաբեկչութիւնը կերպարանափոխուած է եւ միացած քաղաքացիականին: Խնդիրը այն է, որ այս համատեղումը կարճատեւ դրուա՞ծք ունի, թէ՞ ժամանակի ընթացքին ներքին ականի հանգամանքի կը վերածուի եւ կը տարբաղադրուի: Ազգային բանակը պարզ է, որ ամբողջովին Անգարայի կառավարման ենթակայ է: Հետեւաբար Սուրիոյ թէ՛ սահմաններուն եւ թէ՛ քաղաքացիներուն ամբողջականութեան գաղափարախօսութիւնը Անգարայէն է, որ կը մշակուի եւ կիրարկութեան կը դրուի:

Այս ներառականութիւնը ժամանակաւոր առաջադրանք չի թուիր յայտարարողներուն կողմէ: Պարզ չէ սակայն անոր յարատեւելիութիւնը: Եթէ նախորդ վարչակարգի գերատեսչութիւններուն ներքեւ գործող մարդոց եւ պետական հաստատութիւններուն մէջ աշխատող պաշտօնեաներու կամ աւելի ուղղակի` քրիստոնեայ,  ալեւի եւ շիի դաւանանքին մաս կազմող սուրիացի քաղաքացիներու նկատմամբ այս ներառականութիւնը մինչ այժմ կը կիրարկուի, ապա բոլորովին այլ դիրքորոշում եւ քաղաքականութիւն գոյութիւն ունի քրտական գործօնին նկատմամբ:

Ահա այստեղ է, որ Սուրիոյ նկատմամբ համազգային մօտեցումի թրքական քաղաքականութիւնը հակասութիւն կ՛արձանագրէ: Այստեղ կը թուի, որ անհաշտ պայքար պիտի յայտարարուի Անգարայէն ղեկավարուող սուրիական բանակին կողմէ:

Հալէպի օդակայանին նկատմամբ քիւրտերու կողմէ կարճաժամկէտ վերահսկողութիւն հաստատելը, ապա անոր համաձայնական յանձնումը, աւելի ուշ այդ ուժերուն Հալէպի մերձակայքէն ապահով տեղափոխումը դէպի հիւսիս միտումներու մասին հարցականներ ստեղծեցին: Նախ պէտք էր հասնիլ Դամասկոս, ապա դառնալ դէպի քիւրտերը:

Մենպեճի վրայ լայնածաւալ յարձակումի գործողութիւնները ազդանշան նկատուեցան Անգարայի հին ծրագիրի գործադրելիութեան: Անվտանգութեան առաջադրուած գօտիի սահմաններու ընդարձակման մեկնարկն է, որ կը տրուի այսպէս:

Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ Թուրքիա-Իսրայէլ հռետորաբանական պատերազմի զուտ բեմադրականութիւնը: Շիի գործօնի թուլացումը կը բխի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Իսրայէլի շահերէն: Այս գործողութիւններուն արդիւնքը` քրտական գործօնի չէզոքացումն է եւ Թուրքիոյ առաջադրած նպատակի իրականացումը իր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Իսրայէլի կողմէ քիւրտերու շահագործումը սուրիական կտրուածքով կը թուի աւարտած ըլլալ:

Հայկական ոսպնեակին համար Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ շահերու այսքան համատեղումը, եթէ ոչ հաւասարեցումը, նկատի առնուելիք պարտադիր  հանգամանք է:

 

«Ա.»