image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Շրջանային վերահսկելի բախումներ եւ հաւանական միջնորդներ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Շրջանային վերահսկելի բախումներ եւ հաւանական միջնորդներ

Հիմա ուրեմն Իսրայէլի հակահարուածի արարն է, որ կը սպասուի: Իսկ այստեղ կայ խնդիր: Ուաշինկթընի ազդարարութիւնը չհակադարձելու: Հակադարձելու կամ չհակադարձելու այս պարանաձգութեան համար միջնորդներու ճշդումի հարց գոյութիւն ունի յայտնաբար: Ամերիկեան հետախուզական բաժինի ղեկավարը իր թուրք գործընկերոջ առաջարկած է միջնորդել Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ:

Չի բացառուիր, որ Անգարան վերցնէ այդ դերը: Անգարայի դիրքերը այլապէս թոյլ են, յատկապէս Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներէն ետք: Էրտողանը Միացեալ Նահանգներէն յաւելեալ կախեալութեան իրականութեան առջեւ է: Այժմ միջնորդութիւնը այս բախումները դադրեցնելու օրակարգը ունի: Թէ օրակարգը անցում կը կատարէ աւելի հեռանկարային հարցերու, առ այս պահը պարզ չէ: Յամենայն դէպս միջնորդութիւնը այս հանգամանքներուն մէջ ամերիկեան պատուէրները կատարելու դեր է:

 

 

 

Սուրիոյ մէջ իրանեան հիւպատոսութեան հարուածման դիմաց Իրանի կողմէ արձանագրուած պատասխան հարուածները շրջանային պատերազմի մեկնարկը ահազանգեցին: Բազմաթիւ էին այն մեկնաբանութիւնները, որոնց համաձայն` տարածաշրջանին մէջ կը գրանցուէին աննախադէպ քայլեր, որոնք պատերազմական կէտերու երեւոյթը պիտի վերածէին տարածաշրջանային պատերազմի:

Իրանը նախադէպ ստեղծեց թիրախաւորելով  ուղղակի իսրայէլեան տարածքներու վրայ գտնուող յենակէտեր: Պարզ է, որ ռազմագիտական առումով նախապէս պատերազմի մասին յայտարարելը կանխազգուշացնելու իմաստ կ՛ունենայ եւ կը շրջանցէ յանկարծակիութեան գործօնը: Առաւել, Իրանի զինուորական  դրոյթը  բոլորէն աւելի լաւ գիտէ, որ անօդաչու սարքերու խմբաքանակները պիտի չէզոքացուին Իսրայէլի հակօդային համակարգին կողմէ կամ նոյնիսկ այն երկիրներէն, որոնց օդային տարածքներէն պիտի անցնին իրանեան անօդաչուները:

Զուգահեռ, կ՛ընթանար տեղեկատուական պատերազմը, եւ բոլորովին հակոտնեայ էին իսրայէլի եւ Իրանի հաղորդած յարձակումներու արդիւնքներուն մասին տեղեկատուութիւնները: Չի բացառուիր սակայն, որ չէզոքացուող անօդաչուներու կամ թեւաւոր ու հեռահար հրթիռներու չէզոքացումներէն դուրս խփուած են իսրայէլեան հետախուզական կեդրոններ կամ զինուորական յենակէտեր:

Այստեղ այլ երեւոյթ մը ընդգծելի կը դառնայ: Իրան- Իսրայէլ համախառն պատերազմը (հիպրիտային)  միակողմանիօրէն երրորդ տարածքներու վրայ է (փրոքսի): Իսրայէլ կը հարուածէ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի կամ Եմէնի մէջ գտնուող իրանեան յենակէտեր: Իրան Հըզպալլայի միջոցով եւ այժմ այս գործողութիւններով կը թիրախաւորէ եւ կը հարուածէ ուղղակի իսրայէլեան տարածքներ: Եւ այս վերջին գործողութիւնները այդ առումով  դիտարժան են:

Երկրորդ կարեւորագոյն հանգամանքը անշուշտ Միացեալ Նահանգներու դերն է: Թեհրանը, արտաքին գործոց նախարարի միջոցով ուղղակի Ուաշինկթընին տեղեակ պահած է, որ իր գործողութիւնները թիրախային են եւ լայնածաւալ բնոյթ ունենալու մտադրութիւն չունին: Ուաշինկթընը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնելով Թել Աւիւին, այդուհանդերձ կը զգուշացնէ Նեթանիահուի վարչակարգը հակադարձութեան չդիմելու: Ըսել կ՛ուզուի, որ աւարտած է այս արարը իրանեան հիւպատոսութիւն-իսրայէլեան յենակէտեր յարաբերակցութեամբ:

Այս բոլորին ընթացքին դրսեւորուեցան համախոհական դաշինքներ: Իրանեան անօդաչուները կամ հեռահար հրթիռները չէզոքացնելու ճիգերուն միացան Յորդանանն ու Սէուտական Արաբիան: Աւելի ուշ, Յորդանանը յայտարարեց, որ պիտի չտրամադրէ իր երկինքը երկու կողմերուն ռազմական բախումներու նպատակով օգտագործելու համար:

Իրանեան յարձակումներուն մէկ կողմէ անարդիւնաւէտութիւնը ընդգծելով, միւս կողմէ սակայն աննախադէպութիւնը լուսարձակի տակ առնելով Թել Աւիւի պատասխանը Ուաշինկթընին հետեւողութիւններու դուռ կը բանայ: Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակը կը պարզէր, որ իր երկիրը չի կրնար մեծ յարձակում մը անպատասխան ձգել:

Հիմա ուրեմն Իսրայէլի հակահարուածի արարն է, որ կը սպասուի: Իսկ այստեղ կայ խնդիր: Ուաշինկթընի ազդարարութիւնը չհակադարձելու: Հակադարձելու կամ չհակադարձելու այս պարանաձգութեան համար միջնորդներու ճշդումի հարց գոյութիւն ունի յայտնաբար: Ամերիկեան հետախուզական բաժինի ղեկավարը իր թուրք գործընկերոջ առաջարկած է միջնորդել Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ:

Չի բացառուիր, որ Անգարան վերցնէ այդ դերը: Անգարայի դիրքերը այլապէս թոյլ են, յատկապէս Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներէն ետք: Էրտողանը Միացեալ Նահանգներէն յաւելեալ կախեալութեան իրականութեան առջեւ է: Այժմ միջնորդութիւնը այս բախումները դադրեցնելու օրակարգը ունի: Թէ օրակարգը անցում կը կատարէ աւելի հեռանկարային հարցերու, առ այս պահը պարզ չէ: Յամենայն դէպս միջնորդութիւնը այս հանգամանքներուն մէջ ամերիկեան պատուէրները կատարելու դեր է:

 

«Ա.»

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն