image

Հալէպի մէջ. Հայաստանի մարդասիրական ականազերծման 15-րդ խումբը կարեւոր առաքելութեան մէջ

Հալէպի մէջ. Հայաստանի մարդասիրական ականազերծման 15-րդ խումբը  կարեւոր   առաքելութեան մէջ

Օրերս, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման 15-րդ խումբը Հալէպի «Ակադեմիա ալ-Ասատ» շրջանին մէջ տեղական իշխանութիւններուն յանձնած է 150 հազար քառ.մեթր  ականազերծուած տարածք։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հալէպի մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման հերթական 15-րդ խումբի աշխատանքը կեդրոնացած էր Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող «Ակադեմիա ալ-Ասատ» շրջանին մէջ:

Արդարեւ, Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբերին, հայրենի սակրաւորներուն կողմէ 2024-ի Յունիսէն Սեպտեմբեր ամիսներուն իրականացած ականազերծման աշխատանքէն ետք, «Ակադեմիա ալ-Ասատ» շրջանի ականազերծուած 150 հազար քառ.մեթր  տարածքը յանձնուեցաւ Հալէպի տեղական իշխանութեան: Այս բովանդակութեամբ յանձնումի եւ ստանձնումի գիրեր ստորագրուեցան:

Յանձնումի արարողութեան ներկայ էին ՀՀ   մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատու գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, Հալէպի նահանգապետարանի ներկայացուցիչ Մաճէտ Թաուիլ, «Ակադեմիա ալ-Ասատ»-ի  ճարտարագիտական ղեկավար կեներալ-մայոր Նաուալ Մանսուր, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Հալէպ տեղակայուած հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի ղեկավարութիւնը։ 

Գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան ողջունելով ներկաները յայտնեց. «Պատիւ ունեցայ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան մէջ իմ առաջին առաքելութիւնը ստանձնելու՝ որպէս մարդասիրական այս գործունէութեան աւանդոյթը  շարունակող ներկայացուցիչ», ապա դիտել տուաւ, որ 2019-էն առ այսօր տեղական իշխանութիւններուն յանձնուած է 1. 750.000 քառ.մեթր ականազերծուած տարածք։ 

Անոր համաձայն, Հալէպի մէջ մարդասիրական խումբին աշխատանքը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ եւ մասնագիտական նոյն հմտութեամբ պիտի ընթանայ:

«Գանձասար»-ի հետ զրոյցի ընթացքին, գնդապետ Խանուէլեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց հայ համայնքապետներուն եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ մարդասիրական խումբին հետ համագործակցութեան եւ անոր աջակցութեան համար։ Գնդապետ Խանուէլեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նաեւ մինչեւ օրս այս առաքելութեան մասնակցած բոլոր սակրաւորներուն, որոնք անվերապահօրէն  կատարած են իրենց վստահուած աշխատանքը։ Ապա Հայաստան  վերադարձող խումբին մաղթեց բարի վերադարձ, իսկ 16-րդ հերթափոխի կազմին՝ անփորձանք առաքելութիւն։