image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Յառաջընթաց կամ յետընթաց ճշդող խնդիրը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Յառաջընթաց կամ յետընթաց ճշդող խնդիրը

Հիմա, թէ ի՞նչ անհաւանական յառաջընթաց արձանագրուած է, անորոշ է: Եթէ խաղաղութեան պայմանագիրի բացայայտուած կէտերէն այլ կէտեր եւս ներառուած են, ապա անոնք ենթադրաբար պիտի վերաբերին սահմանազատումին, որուն առաջին հանգրուանը իրականացաւ Պաքուի ճշդած կանոններով: Հայկական կողմը յայտարարած է արդէն, որ կայ որոշում` Սահմանադրութեան փոփոխութեան: Չի խօսուիր Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական յղումի վերացման մասին. փոփոխութիւնը կը հիմնաւորուի պարտադրուած եւ կեղծիքով որդեգրուած Սահմանադրութեան փոխարէն ժողովուրդի կողմէ իրողապէս ընդունուած հանրաքուէով սահմանադրութիւն ունենալու: Այս տարազին տակ է, որ կրնայ Անկախութեան հռչակագիրը տարանջատուիլ նոր որդեգրելի սահմանադրութենէն:

 

 

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք ամերիկացի նախարարին կատարած յայտարարութիւնը անորոշ բաժիններ ունի:

Առաջինը այն, որ ըստ իրեն, կողմերը անհաւանական յառաջընթաց արձանագրած են: Պարզ չէ, թէ ի՞նչ անհաւանական յառաջընթացի մասին է խօսքը: Յստակ չեն համաձայնեցուած կէտերը: Խաղաղութեան պայմանագիրի օրին բացայայտուած կէտերը կը վերաբերէին տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի, տարածքային պահանջներէ ներկայիս եւ հետագային հրաժարումի, ուժի հռետորաբանութեան չօգտագործման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ նման ածանցեալ հարցերու:

Պաքուէն հնչած պահանջները աւելցած էին` անքլաւներ, խորհրդային քարտէսներու հիման վրայ սահմանազատման գործընթաց, Զանգեզուրի միջանցք, ապա Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան փոփոխութիւն:

Հիմա, թէ ի՞նչ անհաւանական յառաջընթաց արձանագրուած է, անորոշ է: Եթէ խաղաղութեան պայմանագիրի բացայայտուած կէտերէն այլ կէտեր եւս ներառուած են, ապա անոնք ենթադրաբար պիտի վերաբերին սահմանազատումին, որուն առաջին հանգրուանը իրականացաւ Պաքուի ճշդած կանոններով: Հայկական կողմը յայտարարած է արդէն, որ կայ որոշում` Սահմանադրութեան փոփոխութեան: Չի խօսուիր Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական յղումի վերացման մասին. փոփոխութիւնը կը հիմնաւորուի պարտադրուած եւ կեղծիքով որդեգրուած Սահմանադրութեան փոխարէն ժողովուրդի կողմէ իրողապէս ընդունուած հանրաքուէով սահմանադրութիւն ունենալու: Այս տարազին տակ է, որ կրնայ Անկախութեան հռչակագիրը տարանջատուիլ նոր որդեգրելի սահմանադրութենէն:

Երկրորդ անյստակ բաժինը գոյանալիք համաձայնութեան համար կողմերէն ակնկալուած բարդ եւ դժուար զիջումներն են: Այս բոլորով հանդերձ ազրպէյճանական կողմը ի՞նչ զիջում պիտի ընէ, երբ`

Ա.- Արցախը արդէն դուրս եկած է խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերէն,

Բ.- Երբ սահմանազատման գործընթացը փոխան փաթեթայինի կ՛ընթանայ փուլային ձեւով եւ առաջին հանգրուանը կը յատկանշուի հայկական կողմէն գիւղերու յանձնումով,

Գ.- Սահմանազատման գործընթացը կը սկսի նախքան ազրպէյճանական զօրքերու հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն հեռանալը,

Դ. Հայկական կողմը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Սահմանադրութիւն փոխելու:

Խնդիրը սուր կերպով պահանջուած միջանցքն է, որուն Երեւանը մինչ այժմ կ՛ընդդիմանայ: Ուրեմն, հայկական կողմէն է, որ բարդ եւ դժուարին զիջում կ՛ակնկալուի` տրամադրելու համար միջանցքը. հայկական ձեւակերպումով` ապաշրջափակումը:

Այստեղ է փաստօրէն ամբողջ աշխարհաքաղաքական հանգոյցը: Երեւանի ընդդիմութիւնը միջանցք չտալու բաւարար չէ: Կայ իրանեան վճռական կեցուածքը, որ կը մերժէ Հայաստանի հետ իր դարաւոր սահմանի փոփոխութիւնը: Կայ ռուսական մօտեցումը, որ միջանցքի վերահսկողութիւնը կը պատկերացնէ միայն ռուս սահմանապահներու վերահսկողութեամբ: Կայ բնականաբար այս մօտեցումին հակադրուող  հաւաքական Արեւմուտքը, որ կ՛առաջադրէ հաղորդուղի կամ միջանցք կամ որեւէ կարգավիճակ, ուր ռուսական գործօնը կը բացակայի: Չմոռնանք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի պայմանը` խաղաղութեան համաձայնութիւնը կ՛ամբողջանայ միջանցքի բացումով: Հերթական այս յայտարարութիւններուն վերջինը Թուրքիոյ նախագահին ճամբով յայտարարուածն է:

Բարդ եւ դժուարին զիջումներու մասին ամերիկեան ակնարկէն ետք, այս պահու դրութեամբ չեղեալ նկատուած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ հանդիպումը: Նախ Պաքուն Երեւանի վրայ բարդեց պատասխանատուութիւնը հանդիպումը մերժելու, ապա ժամեր անց նոյնը ըսաւ Երեւանը Պաքուի հասցէին:

Այս բոլորը կը նախանշեն, որ ամէնէն բարդ խնդիրը միջանցքին կամ հաղորդուղիներուն ստանալիք կարգավիճակի եւ վերահսկողութեան կը վերաբերի ուղղակիօրէն: Մնացեալը` անհաւանական յառաջընթացը, բարդ ու դժուարին զիջումները կամ անվերջ փոխուող պայմանները այս հանգոյցէն կախեալ են:

 

«Ա.»

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն