Այս նախադրեալները կը յուշեն, որ բազմակողմանիօրէն դէպի Միջազգային քրէական դատարան պէտք է ողողուին Ազրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման, ցեղասպանական գործողութիւններու, ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրներու փաստերը: Քաղաքական պահի հասունացումով այդ բոլորը մեղադրականի կրնայ վերածել միջազգային ընտանիքը:
Իրադարձութիւնները արագ են: Նոյնքան արագ են նաեւ տարածաշրջանին մէջ աւանդական դեր վերցուցած պետութիւններու կարգավիճակի վերանայումները:
Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով Սպանիան, Իրլանտան եւ Նորվեկիան ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը, մինչ Մալթան պարզ դարձուց, որ կը պատրաստուի հետեւիլ այդ երկիրներու օրինակին: Ֆրանսան սկզբունքով դէմ չէ ճանաչումին, բայց պահը յարմար չի նկատեր, յայտնապէս զինադուլի համաձայնական ճիգերը արգելակած չըլլալու համար:
Այս փաստը կ՛նթադրէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած երկու պետութիւն բանաձեւը կը թեւակոխէ իրաւական ընթացակարգի առաջին փուլը:
Քաղաքական տրամաբանութեամբ այս ընթացակարգին հետ կը կապուի Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին պահանջը Իսրայէլի վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարն ու Համասի կարգ մը ղեկավարները ձերբակալելու առումով: Ծանրագոյն մեղադրանք կայ այստեղ` մարդկութեան դէմ ոճիր: Ամբաստանութիւնը երկկողմանի է: Քաղաքական հետեւութիւններ ընդգծելու համար անհրաժեշտ է լոյսին բերել միջազգային ընտանիքի արձագանգները: Ընդհանրապէս Ուաշինկթընի մօտեցումը տիրական է եւ հունաւորող արձագանգներու բնոյթը:
Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազի իսրայէլացի պաշտօնատարներու եւ Համասէն պաշտօնատարներու ձերբակալման հրամանագիր հրապարակելու պահանջը: Ուաշինկթըն կը մերժէ դատախազի` Իսրայէլն ու Համասը նոյն նժարին վրայ դնելը, զգուշացնելով, որ այդպիսի հրամանագիրի մը հրապարակումը կ՛ականահարէ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, գերիներու փոխանակում կատարելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու համաձայնութեան հասնելու համար թափուող ջանքերը: Միաժամանակ, այս անգամ պաշտպանութեան նախարարին միջոցով Միացեալ Նահանգներ պարզ դարձուցին, որ պիտի շարունակեն Ուքրանիոյ հարցին շուրջ գործակցիլ Միջազգային քրէական դատարանին հետ, հակառակ իսրայէլացի պաշտօնատարներու դէմ ձերբակալման հրամանագիրներու հրապարակման պահանջին:
Փորձենք ագուցել այս արձագանգին մէջ տեղաւորուած միտքերն ու մօտեցումները: Այնպէս չէ, որ Ուաշինկթընը կտրականապէս կը հակադրուի դատախազի պահանջին: Այստեղ աւելի շեշտը դրուած է հաւասարեցման նժարին վրայ: Համասը ահաբեկչական խմբաւորում է ըստ Ուաշինկթընի, մինչ Իսրայէլը ռազմավարական իր գործընկերն է: Ուաշինկթընը այս ձեւով չի հերքեր, որ Թել Աւիւի վարիչները մարդկութեան դէմ ոճիր գործած են: Կը մերժէ հաւասարեցումը:
Տակաւին. այս ծանր ամբաստանութիւնը որեւէ ձեւով պատճառ չէ, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց գործակցութիւնը կասեցնեն Միջազգային քրէական դատարանին հետ, Ուքրանիոյ հարցով:
Դժուար է նախ համոզուիլը, որ Միջազգային քրէական դատարանը միջազգային ընտանիքի ընդհանուր վարքագիծին հակառակ կամ առնուազն ոչ համահունչ կեցուածք որդեգրէ: Անշուշտ այստեղ կայ որոշ երանգային ներկայութիւն: Առայժմ դատախազի պահանջն է ձերբակալութիւնը: Դատաւորի վճիռը չկայ դեռ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս երկու պետութեան բանաձեւը որդեգրած է ՄԱԿ-ը եւ ոչ թէ ապահովուած է Ապահովական խորհուրդի որոշումը: Դամոկլեան սուրի տեսութիւնը սկսած է աշխատիլ Թել Աւիւի գլխուն վերեւ:
Միջազգային քրէական դատարանի դատախազի պահանջին արձագանգող, թէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչցող երկիրներու ցանկերէն կայ մեծ բացակայ մը: Այն, որ ամէն առիթի ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու յանցանքով կ՛ամբաստանէր Իսրայէլը եւ ան, որ լորձնաշուրթն զօրակցական յայտարարութիւններ կը բաշխէր պաղեստինցի ժողովուրդին: Երկու պետութիւն բանաձեւը առաջադրելն ու ուղղակի պաշտօնապէս Պաղեստինի առկայ պետութիւնը հիմա ճանչնալը քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներ են:
Չի բացառուիր, որ Անգարան միանայ ցանկերէն մէկուն: Պահը սակայն կարեւոր է: Ինչ որ խուսանաւումի, առեւտուրի կամ որոշ առումով Միացեալ Նահանգներէն կախեալ ըլլալու մասին կը յուշէ:
Նախկին յայտարարութիւնները նկատի ունենալով` Անգարան պէտք է առաջինը ողջունէր դատախազին պահանջը, շրջուած ձեւով մերժելով հաւասարութեան նժարը:
Այս այն հանգուցակէտն է, ուր կրնան տարբերիլ կամ երեւութապէս հակադրուիլ Պաքուի եւ Անգարայի դիրքորոշումները:
Այս նախադրեալները կը յուշեն, որ բազմակողմանիօրէն դէպի Միջազգային քրէական դատարան պէտք է ողողուին Ազրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման, ցեղասպանական գործողութիւններու, ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրներու փաստերը: Քաղաքական պահի հասունացումով այդ բոլորը մեղադրականի կրնայ վերածել միջազգային ընտանիքը:
Իրադարձութիւնները արագ են: Նոյնքան արագ են նաեւ տարածաշրջանին մէջ աւանդական դեր վերցուցած պետութիւններու կարգավիճակի վերանայումները:
«Ա.»