Բառերը նշանակութիւն ունին: Կը խօսին տարածաշրջանի ապաշրջափակման մասին եւ աւելի մասնակի մտաբերել կու տան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը: 9-րդ կէտի վերափոխումն է 3+3-ի տարազին տակ:
Ուշագրաւը այն է, որ այս օրերուն Անգարան կը խօսի երկու չհամաձայնեցուած կէտի մասին: Առաջինը, ըստ իրենց, կը վերաբերի «միջանցք»-ի տրամադրման, իսկ երկրորդը` Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ տարածքային պահանջներէ հրաժարումին:
Վերստին նշենք, որ Հարաւային Կովկասը դասակարգուած է Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հրատապութեան շարքին, Մոսկուայի եւ Անգարայի ներկայացուցիչներու հանդիպումին:
Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բազմաօրակարգ եղած է: Հիմնականները` Ուքրանիա, Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք: Նկատենք անմիջապէս, որ Հարաւային Կովկասը թէժ կէտերու ներառուած է իբրեւ առաջնահերթ օրակարգ: Տարբերութիւնը այն է, որ Ուքրանիոյ պարագային պատերազմը կը յամենայ, Կազան կը գտնուի պատերազմէն դէպի հրադադար անցումի մէջ, Հարաւային Կովկասը համեմատաբար առաջին երկու կէտերուն աւելի հանդարտ է:
Կը վերադառնանք Հարաւային Կովկաս: Այժմ տեսնենք, թէ Ուքրանիոյ մասով ի՞նչ նշուած է պաշտօնական լրահոսին մէջ: Ըստ Լաւրովի, «թուրք գործընկերները տեղեակ պահեցինք Ռիատի մէջ ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններէն, անկախ դիրքորոշման տարբերութիւններէն եւ խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ եղող բնական երկխօսութեան հասնելու հեռանկարէն»:
Այստեղ հիմնական երկու կարեւոր հանգոյց կ՛երեւի: Նախ պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Ուքրանիոյ հարցի լուծման ուղղութեամբ տարբեր դիրքորոշումներ ունին Անգարան եւ Մոսկուան: Պարզ է, որ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ յատկապէս Խրիմի հարցով տրամագծօրէն հակառակ դիրքորոշումներ կան Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Երկրորդ բաժինը ուշագրաւ է, որովհետեւ կը խօսի երկխօսութեան հեռանկարին մասին: Երկխօսութիւնը հակամարտութեան լուծման համար տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ: Վայրը` Ռիատ: Երկու պարագաներուն ալ շրջանցուած է Անգարան: Այս պատկերին մէջ Անգարան գոյութիւն չունի ո՛չ իբրեւ բանակցող, ո՛չ ալ իբրեւ երկխօսութեան համար վայր տրամադրող կամ միջնորդ, որուն կը ձգտէր: Ռիատի բանակցութիւններու մեկնարկով Անգարան կորսնցուցած է հարթակ տրամադրելու, միջնորդ դառնալու եւ բանակցութիւն վարելու իր առաջադրած կարգավիճակի կարելիութիւնը:
Այս շրջանցումը փոխելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի պատրաստակամութիւն յայտնած է. «Տագնապին լուծման պէտք է հասնիլ երկու կողմերու մասնակցութեամբ, հետեւաբար Անգարան պատրաստ է սկսած բանակցութիւններու յաջողութեան համար ամէն աջակցութիւն տրամադրելու, ներառեալ բանակցութիւններու համար հարթակի տրամադրումը»: Այսքան պարզ. Թուրքիան կ՛ակնկալէ ստանձնել միջնորդական առաքելութիւն, որ Ռիատով զլացուած է իրեն:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած է Սուրիոյ հարցը, եւ այս պարագային Ֆիտան հաւասարեցուցած է ՏԱՀԷՇ-ն ու քրտական զինեալ ուժերը եւ համադասակարգած զանոնք իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ: Այս մէկը շարունակուող մօտեցում է, որ բացի Անգարայէն, առնչուած այլ պետութիւններու կողմէ չ՛ընկալուիր ըստ երեւոյթին:
Հակաիսրաէլեան քարոզչական գործողութիւնները Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ շարունակուած են Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու կամ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու պահանջներով: Հիմնական նորութիւն չկայ:
Վերջապէս` Հարաւային Կովկաս: Եւ երբ այս տարածաշրջանին մասին կը խօսինք, անպայման պէտք է ակնկալել, որ պաշտօնական Անգարան կամ այս պարագային Մոսկուան արծարծէ 3+3-ը: Փաստօրէն Լաւրով յայտարարած է, որ իրենք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ենթակառուցուածքներու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերականգնման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» համագործակցութեան հարթակի շրջանակներուն մէջ միացեալ գործունէութեան:
Բառերը նշանակութիւն ունին: Կը խօսին տարածաշրջանի ապաշրջափակման մասին եւ աւելի մասնակի մտաբերել կու տան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը: 9-րդ կէտի վերափոխումն է 3+3-ի տարազին տակ:
Ուշագրաւը այն է, որ այս օրերուն Անգարան կը խօսի երկու չհամաձայնեցուած կէտի մասին: Առաջինը, ըստ իրենց, կը վերաբերի «միջանցք»-ի տրամադրման, իսկ երկրորդը` Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ տարածքային պահանջներէ հրաժարումին:
Վերստին նշենք, որ Հարաւային Կովկասը դասակարգուած է Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հրատապութեան շարքին, Մոսկուայի եւ Անգարայի ներկայացուցիչներու հանդիպումին:
«Ա.»