image

ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի տնօրէն՝ Արէն Տէյիրմենճեան Արցախ այցելեց

ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի  տնօրէն՝ Արէն Տէյիրմենճեան Արցախ այցելեց

Ամերիկայի Հայ  Աւետարնչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Հայաստանի տնօրէն՝ Տիար Արէն  Տէյիրմենճեան  օրերս  այցելութիւն մը տուած է  Ստեփանակերտ՝ Արցախ։

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  ԱՀԱԸ-ի  պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, որ այցի շրջանակներուն մէջ Տէյիրմենճեան ընդունուած է   Արցախի  պետական նախարար՝  Ռուբէն Վարդանեանին կողմէ։

Ստորեւ այդ մասին ներկայացուցած   լրատւութիւնը.-

Արցախի պետական նախարար՝ Ռուբէն Վարդանեան ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն՝ Արէն Տէյիրմենճեանը։

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ պետական նախարարի խորհրդական՝ Արտակ Բեգլարեանը, AMAA-ի Արցախի ներկայացուցիչ՝ Վիքթոր Կարապետեանը եւ Ընկերակցութեան ռազմավարական նախաձեռնութիւններու բաժնի ղեկավար՝ Լուսինէ Օհանեանը։

AMAA-ի ներկայացուցիչները շնորհաւորած են Կառավարութեան ղեկավարը նշանակման առթիւ, հայ ժողովուրդի համար կարեւոր այս ժամանակաշրջանին։

Ներկայացուած են Ընկերակցութեան կողմէ 1995 թուականէն առ այսօր իրականացուած ծրագիրները, պատերազմի օրերուն չընդհատուած ծառայութիւնները եւ, չնայած պատերազմի հետեւանքով այժմ ստեղծուած դժուարութիւններուն, AMAA-ի յամառ կամքը՝ կրկնապատկելու Արցախի մէջ կատարուող ներդրումները յանուն Արցախի հզօրացման եւ մեծ ապագային։

 

Նիւթը՝ AMAA-ի կայքէն