image

Աֆղանստանն ու Փաքիստանը բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայացնեն Իսթանպուլի մէջ

Աֆղանստանն ու Փաքիստանը բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայացնեն Իսթանպուլի մէջ

Աֆղանստանի ու Փաքիստանի պատուիրակութիւնները ճգնաժամային բանակցութիւններու երկրորդ փուլը կը կայացնեն Իսթանպուլի մէջ։ Այս մասին յայտնած է ABC News-ը՝ յղում ընելով երկու երկրի պաշտօնեաներուն։

Աֆղանստանն ու Փաքիստանը փոխադարձաբար զիրար կը մեղադրեն սահմանային լարուածութեան համար, որու հետեւանքով տասնեակ անձեր կը սպանուին եւ կը վիրաւորուին։ Պաշտօնական Իսլամապատը նշած է, որ Քապուլ աչք կը փակէ զինուած խմբաւորումներուն, որոնք կը հատեն սահմանը եւ յարձակումներ կը գործեն, Աֆղանստան կը հերքէ այդ մեղադրանքները։

Երկիրներու միջեւ վէճը լուծելու համար միջնորդութեան պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Քաթարն ու Թուրքիան։