Նախորդ օրերուն մենք ականատես եղանք Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու հերթական ապօրինի գործողութիւններուն եւ, ցաւօք սրտի, մեր իշխանութիւններու կրաւորական եւ ոչ մէկ բացատրութիւն չտուող կեցուածքին: Այս մասին, 13 Սեպտեմբերին, ԱԺ նիստի մեկնարկին յայտարարած է «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը եւ շեշտած, որ ԱԱԾ յայտարարութիւնը չի բխիր ՀՀ շահերէն, այն անատամ է եւ ոչինչ ըսող:
Մինասեանը, նկատելով, որ Հայաստանը խորհրդարանական երկիր է, ընդգծած է, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը կը պահանջէ գտնել ձեւաչափ հարցի վերաբերեալ քննարկում կազմակերպելու համար:
«Հասարակութիւնը պէտք է հասկանայ, թէ ինչ է կատարուում՝ մանաւանդ, որ ԱԱԾ յայտարարութիւնն արդէն ամբողջական օգտագործում է ատրպէյճանական տերմինաբանութիւն (եզրոյթ)»,-ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղարը:
Արծուիկ Մինասեանն առաջարկած է, որ այդ հարցով ԱԺ լսումներուն ոչ միայն ԱԱԾ-ի, այլեւ ՊՆ-ի, դատախազութեան եւ ԱԳՆ-ի ներկայացուցիչներ ըլլան, քանի որ առերեւոյթ յանցագործութիւն կատարուած է ատրպէյճանցիներու կողմէ, եւ անոնք գանձումներ կ'ընեն վարորդներէն: