image
Հրատապ լուրեր:

ԱԱԾ-ի Բարձրագոյն ղեկավարութեան նոր կոչումներ

ԱԱԾ-ի Բարձրագոյն ղեկավարութեան նոր կոչումներ

Ազգային անվտանգութեան մարմիններու աշխատողի օրուան կապակցութեամբ, հայրենիքի անվտանգութեան, իրաւակարգի եւ օրինականութեան ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար Նիկոլ Փաշինեանն ԱԱԾ խումբ մը աշխատակիցներ պարգեւատրած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով:

Ինչպէս յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն, վարչապետը նշած է, որ Հանրապետութեան նախագահին միջնորդութիւն ներկայացուած է ԱԱԾ խումբ մը աշխատակիցներ «Մարտական ծառայութեան» մետալով պարգեւատրելու մասին:

Նիկոլ Փաշինեանը աւելցուցած է, որ Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով ԱԱԾ տնօրէն, զօրավար-մայոր Արմէն Աբազեանին շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում, իսկ ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ Անդրանիկ Սիմոնեանին՝ զօրավար-մայորի զինուորական կոչում: