image
Հրատապ լուրեր:

Ա՛յս հայրենիքին համար

 Ա՛յս հայրենիքին համար

Անոնք այ՛ս հայրենիքին համար ապրիլն ու գոյատեւելը նահատակներու կտակ համարեցին:

 

 Քեսապցի  մտաւորական եւ ազգագրագէտ Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ ՝

 

Շարունակուող ցեղասպանութիւնը կը յօշոտէ Արցախն ու Հայաստան պետութան սահմանները, մեր անասելի եւ անբացատրելի պառակտումները ամեն յոյս կը բզքտեն ու, ահա՝ ոտքի մնալու ուխտով անհրաժեշտ կը զգանք դառնալու մեր նահատակներուն։

Կը բարձրանանք Ծիծեռնակաբերդ։

Հոս ամենէն առաջ ես իմ անունիս տէրը կը յիշեմ․ անթաղ-անգերեզման մնացած մանկահասակ հօրեղբայրս։ Մեր անձնանունները լաւագոյնս արթուն կը պահեն Մեծ Եղեռնի մեր հաւաքական յիշողութիւնը։ Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր մէջ։

Ապա կ՛ողջունեմ Օսմանեան պետութեան բովանդակ Հայաշխարհի ծայրագոյն հարաւարեմտեան գիւղերը, Մեծ Եղեռնը տեսած, բայց կրկին հայօրէն վերապրած ու տակաւին Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան սահմաններէն ներս շնչող իմ հայրենի Քեսապը իր 12 գիւղերով ու աւելի հարաւը՝ Ղնեմիէն ու Արամոն։ 

Քեսապ 1915-ին ունէր աւելի քան 8000 հայ։ Թշնամին կարողացաւ պառակտում ստեղծել մեր մէջ ու տրորել դիմադրութիւն կազմակերպելու ժողովուրդի կամքը։ Քեսապցիք երեք խումբերով տարագրուեցան երկու ուղղութեամբ՝դէպի հարաւ եւ դէպի Տէր Զօր։ 1918-ի վերջաւորութեան վերապրողները մէկ-մէկ վերադարձան հայրենի օրրան, ուրկէ հեռացած էին օսմանեան զօրքերը։ 1921-ին վերապրողներու ընդհանուր թիւը չէր անցներ 2500-ը։

Տարագրութեան հրամանը հասաւ Լաթաքիոյ հայ փոքրիկ գաղութին։ Անտիոքի եւ Լաւոդիկէի առաջնորդ Մովսէս վրդ․ Ոսկերիչեան կը յայտնէ, որ նախկին 136 անձէն կը գտնէ միայն տասը վերապրող։

Արամո գիւղը ունէր շուրջ 400 բնակիչ: Տարագրութենէ կը վերադառնայ շուրջ կէսը։

Ղնեմիէի մասին Առաջնորդը կը գրէ․ «Ղնէմիէ գիւղին ընդհ. ժողովրդեան ցանկը, որ գաղթականութենէ առաջ 72 տուն եւ 392 անձ էր, այժմ՝ գաղթականութենէ վերադարձած 47 տուն եւ 174 անձ մնացած ըլլալը կը հաստատեմ»։ 

Անոնք այ՛ս հայրենիքին համար ապրիլն ու գոյատեւելը նահատակներու կտակ համարեցին:

 

Յակոբ Չոլաքեան