image

8 Բուժառու Արցախէն Հայաստան

8 Բուժառու Արցախէն  Հայաստան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակուելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) ուռուցքային հիւանդութիւններով եւ շտապ վիրահատական միջամտութիւններ պահանջող ախտաբանութեամբ 8 անձ այսօր՝ 28 փետրուարին, «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը։

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 7 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

Մինչ այսօր «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 135 հիւանդ։