Արժանթինահայ բժիշկ Փապլօ Էլմասեանը պիտի մասնակցի բարեգործական վազքի մարաթոնի Պուէնոս Այրէսէն Մոնթեվիտէօ՝ յաջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն: Այս մասին յայտնած է FIDEC Armenia կազմակերպութեան կայքը, որ մարաթոնի կազմակերպիչն է։
Էլմասեանը դեկտեմբեր 3-էն սկսած է մասնակցիլ «Առաջ`դէպի Հայաստանի մէջ առողջապահութեան բարելաւման» մարաթոնին։ Բժիշկը մինչեւ դեկտեմբեր 16-ը պէտք է վազէ 600 քմ, այսինքն՝ օրական 42 քմ։
Ան խոստացած է հանգանակութիւններն ուղղել Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն եւ Շիրակի մարզի խոցելի գիւղական համայնքներու բնակիչներուն:
FIDEC-ը նաեւ կ՚աշխատի զարգացող երկիրներու մէջ վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի ուղղութեամբ: Փապլօ Էլմասեանը վարակաբան է եւ FIDEC-ի բժշկական տնօրէնը, որ ամէն տարի կ՚ընտրէ Հայաստանի Շիրակի մարզի երկու գիւղ եւ կ՚առաջարկէ բժշկական հետազօտութիւններու լայն շրջանակ։
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման հետեւանքով այնտեղէն բռնի տեղահանուած է 101 848 մարդ։