image

44-օրեայ պատերազմին զոհուածներուն հարազատները իրենց պայքարը պիտի շարունակեն Ազատութեան հրապարակին մէջ

44-օրեայ պատերազմին զոհուածներուն հարազատները իրենց պայքարը պիտի շարունակեն Ազատութեան հրապարակին մէջ

44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու ծնողները, որոնք կը պահանջեն պատերազմի հետեւանքներուն համար պատասխանատուութեան ենթարկել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ֆրանսայի հրապարակէն տեղափոխուած են Ազատութեան հրապարակ եւ իրենց պահանջները կը շարունակեն բարձրաձայնել այնտեղէն:

44-օրեայ պատերազմում զոհուած Մխիթար Գալեյեանի հայրը` Գարիկ Գալեյեանը, ըսած է, թէ պատճառը այն է, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը Ֆրանսայի հրապարակէն հանած է վրանները:

«Մենք միացանք Ֆրանսայի հրապարակին, քանի որ ժողովուրդն այնտեղ էր հաւաքւում, որպէսզի մեր տարտերը լսէին, ճիշդ հասկանային մեր ցաւը, բայց դէ վրաններն այնտեղից հաւաքում են», ըսաւ ան` յաւելելով, որ իրենց պահանջը իրաւական է, աւելի շատ ուղղուած է երկրի գլխաւոր դատախազին, իրաւական համակարգին, դատական համակարգին, Ոստիկանութեան, ԱԱԾ–ին, բանակին, քանի որ իրենց երեխաները բանակին տուած են:

Գարիկ Գալեյեանը յոյս յայտնեց, որ Ոստիկանութիւնը թոյլ կու տայ իրենց պայքարը շարունակել Ազատութեան հրապարակին մէջ: