image

44-օրեայ պատերազմի գործով շարք մը պաշտօնատարներ հարցաքննուած են

44-օրեայ  պատերազմի  գործով  շարք մը  պաշտօնատարներ  հարցաքննուած են

2020-ի 27 սեպտեմբերէն 9 նոյեմբերի ժամանակահատուածին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ընթացքին, ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնատար խումբ մը անձերու կողմէ իրենց պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու ենթադրեալ յանցագործութեան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով շարք մը պաշտօնատար անձինք հարցաքննուած են։ Տեղեկութիւնը Sputnik Արմենիայի գրաւոր հարցման ի պատասխան յայտնած են Քննչական Կոմիտէէն (ՔԿ)։

Իսկ թէ յստակ որոնք հարցաքննուած են, ՔԿ–ն չէ մանրամասնած` ելլելով նախաքննութեան շահերէն: ՔԿ–էն չեն յայտնած նաեւ, թէ ինչ փուլի մէջ է վարոյթի նախաքննութիւնը։

Միաժամանակ ՔԿ–էն յիշեցուցած են, որ յարուցուած քրէական գործով հարցաքննուած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը, եւ ան վկայի կարգավիճակ ունի։

Յիշեցնենք, որ քրէական գործ յարուցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով` պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահում, որ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ։

44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու հարազատները քանիցս բողոքի հաւաքներ ըրած են դատախազութեան շէնքին առջեւ:

Անոնք կը պահանջէին, որ դատախազութիւնը յարուցուած գործը փոխանցէ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան: