Իսրայէլ հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի օդակայանին, յայտնած են սուրիական լրատուամիջոցները։ Իսրայէլի կառավարութիւնը փաստացի հաստատած է յարձակումը։ Կատարուածը խստօրէն դատապարտած են Թուրքիան եւ տարածաշրջանի մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնացը, որ զայն անուանած է «անհարկի սրում»։
Իսրայէլ ութ օդային հարուած հասցուցած է Իտլիպ նահանգի հարաւ-արեւելքը գտնուող Ապու էլ-Տուհուր օդակայանի թռիչքուղիին եւ պահեստային տարածքներուն։ Ինչպէս կը գրէ «Reuters»-ը, զոհեր չկան։
Սա Իսրայէլի առաջին հարուածն է Սուրիոյ կառավարութեան պատկանող կառոյցներուն՝ մարտ ամսուընէ ի վեր։
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն դատապարտած է յարձակումը։ «Մենք միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ընենք աւելի վճռական դիրքորոշում որդեգրելու՝ վերջ տալու Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի յարձակման սրման», նշուած է անոր յայտարարութեան մէջ։
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը փաստացիօրէն հաստատած է յարձակումը՝ երեքշաբթի ուշ երեկոյեան X ընկերային ցանցի վրայ անգլերէն գրառում հրապարակելով։
«Իսրայէլ եւ Սուրիա համաձայնութեան եկած էին անվտանգութեան հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող «սթաթուս քո»ի պահպանման, որուն խախտման վտանգ յառաջացած էր Հալէպի մօտ գտնուող օդակայանին մէջ թրքական զօրքերու տեղակայման պատճառով», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ «Իսրայէլ բազմիցս զգուշացուցած է Սուրիան, որ զօրքերու նման տեղակայումը սպառնալիք պիտի ստեղծէ Իսրայէլի անվտանգութեան համար։ Սուրիան նախընտրած է անտեսել այս զգուշացումները»։
«Իսրայէլ պիտի չհանդուրժէ իր անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքները եւ պիտի ողջունէ «սթաթուս քո»ին վերադարձը», յայտնած է Նաթանիահուի գրասենեակը։
Թոմ Պարաք՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանը եւ Սուրիոյ ու Իրաքի հարցերով յատուկ բանագնացը, X-ի վրայ գրած է, որ Իսրայէլի կողմէ Ապու ալ-Տուհուր օդակայանին հասցուած օդային հարուածները «անհարկի սրում կը ներկայացնեն, որ չի նպաստեր տարածաշրջանային կայունութեան»։ Անոր խօսքով՝ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարըհի կառավարութիւնը «բազմիցս յայտարարած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան նուազեցման նախապատուութեան մասին»։