image

2024-ը Հայաստանի համար. Աւելի վտանգաւո՞ր

2024-ը Հայաստանի համար. Աւելի վտանգաւո՞ր

2024-ին Հայաստանին կը սպասեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այս մասին «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին նշած է ղարաբաղեան հակամարտութեան մասնագէտ, Քարնեկի հիմնադրամի աւագ փորձագէտ Թոմ տը Վաալը։

«Անկասկած, սա շատ վճռորոշ, կարեւոր, ինչ-որ տեղ վտանգաւոր պահ է Հայաստանի համար 2024 թուականին: Երկիրը կանգնած է թերեւս ամենադժուար ընտրութիւններու առջեւ՝ համեմատելի 1980-ականներու վերջին կամ նոյնիսկ 1920-ականներու իրավիճակի հետ: Խօսքն, ի հարկէ, Ղարաբաղի կորուստի եւ այնտեղէն հայ բնակչութեան փախուստի մասին է։ Սա լուրջ պահ է Հայաստանի համար, որ ոմանք կը համեմատեն 1920 թուականի կամ նոյնիսկ 1915 թուականի Ցեղասպանութեան հետ։ Սա նաեւ պիտի ըլլայ այն տարին, երբ Հայաստանը պիտի առերեսուի ոչ միայն Ատրպէյճանէն եկող սպառնալիքի, այլեւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կորուստի կամ խզման սպառնալիքի հետ: Այսպիսով, 2024 թուականին Հայաստանին անկասկած կը սպասեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ»,- նշած է ան։

Անդրադառնալով դիտարկման, որ շատ հայերու համար Ռուսիան ոչ միայն լքած է անոնց, այլեւ դաւաճանած, Թոմաս տե Վաալը նշած է. «Սկսինք անկէ, որ, ի հարկէ, Ռուսիան այս տարածաշրջանին մէջ միշտ ունեցած է բազմաթիւ շահեր։ Թէեւ թերեւս միշտ ալ աւելի ամուր յարաբերութիւններ ունեցած է Հայաստանի հետ, ան երբեք ալ չէ հրաժարած Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններէն։ Եթէ նայինք ղարաբաղեան հակամարտութեան նորագոյն պատմութեան, ապա կը տեսնենք, որ եղած են պահեր, երբ Մոսկուան աւելի մօտ էր Պաքուին, օրինակ՝ 1990-1991 թուականներուն։

Ռուսիոյ համար իր շահերն են առաջնահերթ, եւ հայերու քրիստոնեայ ըլլալու փաստը, այնտեղ աւանդական պատմական յարաբերութիւններու առկայութիւնն այնքան ալ կարեւոր չեն: Բայց, վստահաբար, Մոսկուան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնական ապահովողը։ Կայ ռազմական դաշինք, կան պարտաւորութիւններ, որոնք Մոսկուան ստանձնած է Հայաստանի հանդէպ։

Ի՞նչ փոխուեցաւ։ Ակնյայտօրէն, վիճակը սկսաւ փոխուիլ 2018 թուականի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկաւ Նիկոլ Փաշինեանը, որ Մոսկուայի տեսանկիւնէն շատ աւելի անկանխատեսելի, անվստահելի գործընկեր էր, մինչդեռ Իլհամ Ալիեւն Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակէր մնալ շատ աւելի կանխատեսելի եւ վստահելի գործընկեր։ Այդ փոփոխութիւններէն մէկն էր:

Այնուհետեւ մենք տեսանք 2020 թուականի պատերազմը, երբ Մոսկուան միջամտեց միայն վերջին պահին։ Մինչ ղարաբաղցիները ողջունեցին Մոսկուայի միջամտութիւնը, կը կարծեմ, որ հայերն արդէն գիտակցած են այդ փոփոխութիւնը։

Կը կարծեմ՝ վճռորոշ պահը Ռուսիոյ ներխուժումն էր Ուքրանիա 2022 թուականի փետրուարին, որմէ ետք Ռուսիոյ առաջնահերթութիւնները փոխուեցան ու ամէն ինչ սկսաւ պտըտիլ Ուքրանիոյ հետ պատերազմի, Արեւմուտքի հետ պատերազմի շուրջ: Կովկասը երկրորդական դարձած է, ամէն ինչ այժմ երկրորդական է այդ պատերազմական ջանքերու համեմատ։

Եթէ նայիք, թէ ինչ ունինք գետնի վրայ, ապա կը տեսնենք, որ մէկ կողմէն կայ Հայաստան, որ ունի ժողովրդավարական իշխանութիւն, որու մտադրութիւնները կարծես թէ աւելի եւրոպամէտ են, եւ կայ [Ռուսիոյ տեսանկիւնէ] շատ աւելի վստահելի գործընկեր ի դէմս Ատրպէյճանի։ կը հարծեմ՝ եթէ կարդաք, թէ ինչ կ՚ըսեն ռուս պաշտօնեաները պատերազմը սկսելէն ի վեր, այդ այն է, որ անոնք պէտք է վերակողմնորոշեն Ռուսիոյ ողջ տնտեսութիւնը Արեւմուտքէն դէպի Հարաւ եւ Արեւելք, իսկ Հարաւը կը նշանակէ Վրաստան, բայց այդ նաեւ կը նշանակէ յատկապէս Ատրպէյճան՝ երկաթուղային երթուղին դէպի Ատրպէյճան, Կասպից ծով։

Ատրպէյճանը Ռուսիոյ համար հիմնական ճանապարհ է դէպի հարաւ՝ դէպի Իրան, դէպի Մերձաւոր Արեւելք։ Եւ այդ պարագային Հայաստանը կը դառնայ պակաս կարեւոր։ Եւ ատոր համար ալ, կը կարծեմ, մենք տեսանք սա: Պատմականօրէն առաջին անգամ Ռուսիան չարձագանգեց, անոր խաղաղապահ ուժերը հիմնական չեն արձագանգած։ Ակնյայտօրէն անոնք նախապէս տեղեկացուած էին, որ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի գրաւելու Ղարաբաղը»: