Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս իր ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ «ռուսական բռնապետութիւնը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը Ուքրանիոյ նկատմամբ»՝ անգամ մը եւս կոչ ընելով ԱՄՆ-ին եւ դաշնակից երկիրներուն միասնական ըլլալու՝ ի պաշտպանութիւն Ուքրանիոյ:
«Ռուսական բռնապետութիւնը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը մեր նկատմամբ. Ուքրանիան ողջ եւ առողջ է»,- ամպիոնէն յայտարարած է նախագահը:
Ինչպէս գրած է Daily Mail-ը, Զելենսքին արժանացած է քոնկրէսականներու ծափահարութիւններուն:
Ելոյթի աւարտին Զելենսքին Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիին նուիրած է ուքրանական մարտական դրօշը, որ ան ստացած էր առաջնագիծին՝ Պախմութ այցելութեան ժամանակ։
«Անոնք ինծմէ խնդրեցին այս դրօշը յանձնել ձեզի, ԱՄՆ Քոնկրէսին, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն եւ սենատորներուն, որոնց որոշումները կրնան փրկել միլիոնաւոր մարդիկ», - ըսած է Զելենսքին:
«Մեր երկու ազգերը դաշնակիցներ են այս ճակատամարտին մէջ, եւ յաջորդ տարին շրջադարձային պիտի ըլլայ, ես այդ գիտեմ», -ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:
Խօսելով ԱՄՆ-ի նիւթական օգնութեան մասին՝ Զելենսքին ընդգծած է.«Ձեր փողերը բարեգործութիւն չեն, այլ ներդրում՝ համաշխարհային անվտանգութեան եւ ժողովրդավարութեան մէջ, որ մենք կը վարենք ամենապատասխանատու ձեւով: Դուք կրնաք արագցնել մեր յաղթանակը»: